23 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՍՈՒՐԲ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ» ԾՐԱԳԻՐԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Հին Գահիրէի Ս. Գէորգ վանքի շրջափակին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սուրբ ընտանիքի ուղեւորութիւնը եգիպտոսի մէջ» ծրագիրի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Եգիպտոսի պետութեան եւ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ համագործակցութեամբ: Հանդիսութեան ներկայ էին Ղպտի Եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ա. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը, Եգիպտոսի վարչապետը, զբօսաշրջիկութեան ու հնագիտութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ եգիպտացի եւ օտար եկեղեցական, պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ: Սոյն հանդիսութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ներկայացուց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

Աւետարաններուն համաձայն, մանուկ Յիսուսը, Աստուածամայրը եւ Յովսէփ հրեշտակին առաջնորդութեամբ կը փախցուին Եգիպտոս, Հերովդէս թագաւորի մանուկներու սպանդի ծրագրին զոհ չերթալու համար: Ըստ աւանդութեան, մանուկ Յիսուսը, Մարիամն ու Յովսէփը Եգիպտոսի մէջ կը մնան շուրջ երեքուկէս տարի, տեղէ տեղ փոխադրուելով փախստական վիճակի մէջ: Ահաւասիկ, այս ուղեւորութեան կրօնական-պատմական վայրերու շրջագայութեան նուիրուած է այս ծրագիրը:

Յանուն Վեհափառ Հայրապետին, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց պատրիարքը, վարչապետն ու նախարարները, քրիստոնեաներուն համար այնքան կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս ուղեւորութիւնը վերաթարմացնելնուն համար քրիստոնեաներուն միտքերուն մէջ եւ քաջալերելու իբր ուխտաւորներ քալելու Սուրբ Ընտանիքին ոտնահետքերով:

More News