Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ՋՈՒՂԱՅԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Նոր Ջուղայի «Արարատ» սրահին մէջ, Նոր Ջուղայի չորս հարիւր տարիներու պատմութեան նուիրուած համագումարին բացումը կատարուեցաւ, բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Համագումարին ներկայ էին Իրանի հայոց երեք առաջնորդները, Սպահանի նահանգապետը, փոխ նահանգապետը, Թեմական ու Պատգամաւորական ժողովներու ներկայացուցիչները, կրօնապետը, Սպահանի Համալսարանի տնօրէնն ու Երեւանի համալսարանի դասախօսներ:

Համագումարին բացումը կատարելով, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Նոր Ջուղայի պատմութեան կարեւոր իրագործումներն ու յատկանշական երեւոյթները լուսարձակի տակ բերելու կոչուած ներկայ նախաձեռնութիւնը: Ան գնահատեց Սպահանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան կողմէ կազմակերպուած ներկայ նախաձեռնութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ համագումարը առիթ մըն է հաւաքական քննարկումի ենթարկելու Նոր Ջուղայի իւրայատուկ նպաստը, յատկապէս մշակութային բնագաւառէն ներս: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ այս գծով մենագրութիւններ ու աշխատասիրութիւններ հրատարակուած են զանազան լեզուներով, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին անկոխ գետիններ, որոնք կը կարօտին լուրջ քննարկումի, իրապաշտ ու գիտական մօտեցումով:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառը մեկնելով համագումարի ընդհանուր թեմայէն՝ «Նոր Ջուղան Միաստուածեան Կրօններու Համակեցութեան ու Համագործակցութեան Խորհրդանիշ», շեշտեց միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան առանցքային կարեւորութիւնը: Ան անդրադառնալով Իմամ Խումէյնիի հոգեւոր յեղափոխութեան ըսաւ. «Իմամ Խումէյնիի Հոգեւոր յեղափոխութիւնը երկու կարեւոր յիշեցումներ կատարեց ներկայ ընկերութեան, առաջին՝ բարոյական արժէքներու առանցքային կարեւորութիւնը ընկերային կեանքէն ներս: Երկրորդ՝ կրօններու համակեցութեան հրամայականը»: Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Նոր Ջուղան օրինակելի տիպար դարձած է միջ-կրօնական երկխօսութեան: Այդ երկխօսութիւնը մենք կը տեսնենք ընկերութեան կեանքի զանազան մարզերէն ներս: Անհրաժեշտ է, որ այդ երկխօսութիւնը այսօր վերածուի գործակցութեան, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Թեմական Խորհուրդի ատենապետն ու Իրանի Խորհրդարանի պատգամաւորը, Սպահանի քաղաքապետը, համալսարանի տնօրէնը եւ Սպահանի Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը: Բոլորն ալ կարեւորութեամբ յիշեցուցին, որ Նոր Ջուղան միշտ եղած է քրիստոնեայ-իսլամ եւ հայ իրանեան համակեցութեան խորհրդանիշ:

Յայտնենք, որ համագումարի ընթացքին դասախօսութիւններ պիտի տրուին Նոր Ջուղայի պատմութեան առնչուած զանազան նիւթերու մասին, Սպահանի ու Երեւանի համալսարանէն հրաւիրուած դասախօսներու կողմէ:

Կէսօրին տեղի ունեցող հաւաքական ճաշին ներկայ եղան Վեհափառ Հայրապետը, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, որ նոյն օրը ժամանած էր Իրան, գլխաւորելով նախարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը: