“ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔՐԷԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ”Ը “INTERNATIONAL CRIMINAL LAW REVIEW”Ն ԲԱՑԱՌԻԿ ԹԻՒ ՄԸ ԿԸ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
“International Criminal Law Review”ն, 2014 թուականին բացառիկ թիւ մը յատկացուցած է Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած Հայ Դատին նուիրուած համագումարին։ Յայտնենք, որ 23-25 Փետրուար 2012-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով ու նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցած էր միջազգային համագումար մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած “Ճանաչումէ դէպի հատուցում” թեմայով։ Համագումարին մասնակցած էին աւելի քան երեսուն…