ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Հինգշաբթի, 20 Նոյեմբեր-Չորեքշաբթի, 26 Նոյեմբեր, Այա Նափայի մէջ (Կիպրոս), գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

Ժողովը քննարկեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներուն, պաշտօնէութեան եւ տնտեսական վիճակին ու եկեղեցիներու անդամակցութեան առնչուած գլխաւոր բնագաւառները եւ համապատասխան որոշումներ առաւ՝ Խորհուրդի առաքելութիւնն ու վկայութիւնը աշխարհի տարածքին աւելի ազդու դարձնելու համար։

Ժողովականներ նաեւ առիթ ունեցան այցելելու Կիպրոսի կարգ մը վանքերը եւ հանդիպելու հոգեւոր եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու հետ։