Շարունակելով Թեհրանի Հայոց Թեմին կատարած իր Հովուապետական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ընկերակցութեամբ, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն յաջորդաբար այցելեց Մարիամեան եւ Սողոմոնեան վարժարանները: Յիշեալ դպրոցներու աշակերտները խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնը: Աշակերտներուն դիմաց խօսք առնելով Թեհրանի Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ Նորին Սրբութիւնը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ հայ դպրոցին եւ ճիշդ անոր համար հակառակ իր խճողուած ծրագրին, անպայման կ’ուզէ այցելել հայ դպրոց, հայ աշակերտներուն հետ ըլլալու եւ անոնց փոխանցելու իր հայրական յորդորները: Աշակերտները իրենց կարգին երգերով, ասմունքներով եւ ուղերձներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Վեհափառ Հայրապետը աշակերտներուն ուղղած իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ դպրոցի առաքելութեան, որպէս հայակերտումի նուիրական օճախ: Կոչ ուղղեց հայագիտական նիւթերու յատուկ կարեւորութիւն տալու եւ թելադրեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները յանձնեն հայ դպրոցի հայացնող մթնոլորտին:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ ուսուցչական կազմերուն հետ եւ գնահատեց ուսուցիչները իրենց կատարած նուիրական առաքելութեան համար: