14 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ

Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրուած է որպէս գլխաւոր դասախօս իր մասնակցութիւնը բերելու հետեւեալ միջազգային համագումարներուն.-

 

• «Աշխարհ Մը Առանց Պատի — Խաղաղութեան Հաստատումը Համաշխարհային Անապահովութեան ժամանակաշրջանի Մը Մէջ», կազմակերպութեամբ՝ Մշակութային Դիւանագիտութեան Հիմնարկի (Institute for Cultural Diplomacy) Պեռլինի մէջ, Գերմանիա, 7-10 Նոյեմբեր 2014-ին։

 

• «Հարցեր եւ Մօտեցումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութեան Առնչուած», կազմակերպութեամբ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Հատուցման Հիմնադրամի (Armenian Genocide International Reparation Fund), Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 21-22 Նոյեմբեր 2014-ին։

 

• «Քրիստոնէական Միութիւն – Ինչո՞ւ եւ Ինչպէ՞ս», կազմակերպութեամբ՝ Աստուածաբանական եւ Միջ-եկեղեցական Բարձրագոյն Հիմնարկի (Institut Superieur d’Etudes Theologiques et OEcumenique), Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 17-19 Մարտ 2015։

 

• «Աշխարհի Քրիստոնէութեան Ապագան», կազմակերպութեամբ՝ Աշխարհի Քրիստոնէութեան Ապագայի Միջազգային ֆորումի (Global Forum for the Future of World Christianity), Հարաւային Քորէայի Ճէճու կղզիին մէջ, 5-8 Մայիս 2015-ին, ։

More News