Երեքշաբթի, 9 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր խօսքը ուղղելով Ապու Տապիի մէջ հաստատուած լիբանանեան համայնքի աւելի քան 150 ներկայացուցիչներուն, կոչ ուղղեց միասնաբար աշխատելու եւ պահպանելու Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնը արաբական աշխարհին մէջ։ Հաւաքը կազմակերպուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Լիբանանեան դեսպանատան կողմէ։ Ներկայ էին լիբանանեան համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ տնտեսական ու շինարարական մեծ ծրագիրներ մշակող լիբանանցիներ։ Վեհափառ Հայրապետին ի պատիւ տրուած այս ընդունելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը իր կարգ մը վերլուծումներն ու մտահոգութիւնները փոխանցէ ներկաներուն։
Ընդունելութեան բացման խօսքը կատարեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպան Հասան Սաըտ։ Դեսպանը արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին կենսագրականը, Նորին Սրբութիւնը նկատելով լիբանանեան դատին լաւագոյն դեսպանը արտաքին աշխարհին մէջ։ Ապա, խօսք առաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, որուն խօսքը չորս բաժին ունէր։
Առաջին բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց նախագահ Շէյխ Մուհամմէտ Պըն Զայէտին եւ երկրի պատասխանատուներուն՝ լիբանանեան համայնքին ընծայած իրենց լայն դիւրութիւններուն եւ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած իրենց յատուկ հոգածութեան համար։
Երկրորդ բաժինով, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի իւրայատկութիւններուն, որոնք կը կազմեն Լիբանանի ինքնութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ան յիշեց համայնքներու գոյակցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, Արեւելքի և Արեւմուտքի միջեւ Լիբանանի կամուրջ ըլլալու իրողութիւնը, ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս կատարած մեծ իրագործումները եւ իր ունեցած լայն Սփիւռքը։ Յիշեալ երեւոյթներուն գծով Նորին Սրբութիւնը կատարեց իր արժեւորումները։
Իր խօսքի երրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնց նկատմամբ կարելի չէ անտարբեր մնալ։ Այս ուղղութեամբ յիշեցում կատարեց, թէ Լիբանան պէտք է վեր մնայ ամէն տեսակ քաղաքական ու գաղափարական ուղղութիւններէ: Ուրիշը յարգելով ու անոր հետ գործակցելով հանդերձ, Լիբանան պէտք է կառչած մնայ իր ինքնութեան ու գերագոյն շահերուն: Ան պէտք է ամրապնդէ իր ներքին միասնականութիւնը պահելով հանդերձ համայնքային տարբերութիւնները: Որպէս չէզոք երկիր, Լիբանան պէտք է ինքզինք հեռու պահէ միջազգային ու շրջանային ազդեցութիւններէ։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ այս բոլորը իրագործելը բնականաբար դիւրին չէ, սակայն հրամայական է ամէն գնով պահել Լիբանանի ինքնութիւնը, ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը ։
Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ լիբանանահայութեան։ Ան ըսաւ, թէ հայը եւ միւս լիբանանցիները կը սիրեն Լիբանանը, սակայն հայը նաեւ երախտապարտ է լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ։ Ցեղասպանութենէն ետք, երբ գաղթական հայեր Լիբանան եկան, լիբանանցի ժողովուրդը իր հացը բաժնեց հայութեան հետ։ Լիբանան դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան աղբիւրը եւ այսօր ան կը մնայ սփիւռքի հայութեան սիրտը։ Վեհափառը ըսաւ, թէ Լիբանան հայութեան ընծայեց վերականգնելու եւ վերակազմակերպուելու կարելիութիւնը և հայ համայնքը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի ծաղկումին ու բարգաւաճումին։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին խօսքը մեծ խանդավառութեամբ ու բարձր գնահատանքով ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնք կը ներկայացնէին Լիբանանի զանազան համայնքներն ու քաղաքական հոսանքները։