Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանի, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, այցելեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Միջ-կրօնական ու Մշակութային Յարաբերութիւններու Կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ յիշեալ կեդրոնի տնօրէն՝ Ապուլար Իպրահիմին եւ անոր խորհրդականին հետ: Հանդիպման ընթացքին կեդրոնի տնօրէնը խօսք առնելով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ու ներկաներուն այցելութիւնը եւ ապա շեշտեց իսլամ-քրիստոնեայ երկխօութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս Միջին Արեւելքի այսօրուան տագնապալից օրերուն: Ապա, ան իր գնահատանքը յայտնեց իրանահայութեան, իրենց ցուցաբերած գործակցութեան ու աջակցութեան յիշեալ կեդրոնին եւ յատկապէս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան:
Վեհափառ Հայրապետը իր ողջոյնի խօսքերը փոխանցելէ ետք, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ կեդրոնին ծաւալած աշխատանքներուն եւ ըսաւ, թէ ամէն անգամ երբ այցելած ենք մեր իրանահայ համայնքին, այցելած ենք նաեւ այս կեդրոնը, որովհետեւ հաւատացած ենք այս կեդրոնի առաքելութեան ու գործունէութեան: Ապա, Նորին Սրբութիւնը շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը աւելցուց. «Մենք պէտք է երկխօսութենէն անդին երթանք, որովհետեւ մենք Իրանի մէջ ո՛չ միայն երկխօսութիւն կը կատարենք, այլ այդ երկխօսութիւնը թարգմանած ենք մեր համագործակցութեամբ ու համակեցութեամբ: Այսօրուան արտաքին աշխարհին դիմաց երկխօսութեան, համակեցութեան ու համագործակցութեան տիպարը պէտք է դառնանք»:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ խօսուեցաւ յառաջիկային Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք միջ-կրօնական երկխօսութեան համագումարի աշխատանքներուն ու թուականին մասին:
Նոյն օրը առաւօտուն, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ ներկայութեամբ Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդներուն, Թեհրանի Զէյթուն թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանը: Պատարագի ընթացքին Թեհրանի Հայոց Առաջնորդը խօսք առնելով ողջունեց Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը եւ ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց թաղամասի ազգային-կրօնական գործունէութիւնը: Իր Հայրապետական պատգամին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց հաւատքի կարեւորութիւնը եւ Յակոբոս առաքեալի խօսքէն մեկնելով՝ ըսաւ, հաւատքը գործով պէտք է թարգմանել: Ոեւէ մէկը թող չըսէ, թէ ինք փրկուած է, որովհետեւ առանց հաշուետուութեան փրկութիւն չի կրնար ըլլալ եւ այդ փրկութիւնը մենք քրիստոսէն պիտի ստանանք:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ Թաղական Խորհուրդին կազմակերպած սիրոյ սեղանին: