5 Նոյեմբերի, 2014

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՆԵՐԿԱՆ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Թեհրանի Հայոց Առաջնորդարանի սրահէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ներկայութեամբ Իրանի թեմակալ երեք առաջնորդներուն, հանդիպում մը ունեցաւ իրանահայ գաղութի երիտասարդներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին նախ խօսք առաւ Սեպուհ Սրբազանը շեշտելով, որ Վեհափառ Հայրապետին առօրեային մաս կը կազմեն մեր երիտասարդներն ու անոնց մտահոգութիւնները, այդ իսկ պատճառով ան անպայմանօրէն փափաքեցաւ երիտասարդ սերունդին հետ հանդիպիլ: Ապա, յանուն ներկայ երիտասարդներուն, Անի Մանուէլեան ուղերձ ընթերցեց:

Նորին Սրբութիւնը իր եզրափակիչ պատգամին մէջ ըսաւ. «Դիւրին չէ այսօր լպրծուն գետնի վրայ հաստատ մնալ: Երիտասարդութիւնը այսօր կը գտնուի այնպիսի հոսանքի դիմաց, որ արդէն իսկ զայն հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու նահանջի ճանապարհին վրայ դրած է: Պէտք է կառչած մնալ հոգեւոր, ազգային ու բարոյական արժէքներուն: Ճիշդ է այսօր ժամանակները փոխուած են, բայց այդ ժամանակներուն զուգահեռ մենք պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր ինքնութեան:» Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց երիտասարդներուն, թէ անոնք ընկերութեան լուսանցքին վրայ չեն եւ թէ յատուկ տեղ ու դեր ունին եւ պէտք է ունենան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որովհետեւ երիտասարդը մեր ապագան չէ, այլ՝ ներկան:

Հանդիպման աւարտին երիտասարդներ հարցումներ ուղղեցին Նորին Սրբութեան եւ հարկ եղած լուսաբանութիւնները ստացան: Ապա, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

More News