ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդականը: Վեհափառ Հայրապետին ու դեսպան Հէյլի միջեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի շուրջ: Այս ծիրէն ներս, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուող հարցեր: Նորին Սրբութիւնը նաեւ արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան…