Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՒ ԱՅԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Դեսպան Մուհամմատ Ֆաթըհ Ալիի: Դեսպանը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեմաղթութիւնները ներկայացնելէ ետք, խօսեցաւ Նոյեմբեր 2014-ին Նորին Սրբութեան Իրան կատարած Հովուապետական այցելութեան դրական անդրադարձին, թէ՛ պետական եւ թէ՛ կրօնական շրջանակներէն ներս: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը…