Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԿՐՕՆՔԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ՎԱՅՐԱԳՈՒԹԵԱՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

«Միութիւն ընդդէմ կրօնքի անունով վայրագութեան» միջազգային համագումարը տեղի ունեցաւ 18-19 Նոյեմբեր 2014-ին, Վիեննայի մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID): Ժողովը կը համախմբէր Միջին Արեւելքէն քրիստոնեայ եւ իսլամ առաջնորդներ, այլ կրօններու, ոչ-կառավարական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ: Սոյն համագումարին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անձամբ հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու եւ իր պատգամը ուղղելու ժողովականներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր խճողուած ժամանակացոյցին պատճառով չկրցաւ անձամբ մասնակցիլ: Նորին Սրբութիւնը ներկայացուցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան և ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ս. Էջմիածինի ներկայացուցիչ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս Նալպանտեան:

Այս համագումարին նպատակն էր միջազգային ընկերութեան ուշադրութեան յանձնել, լուսարձակի տակ առնել եւ միասնական զօրակցութիւն յայտնել ու դատապարտել յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իսլամ կրօնի չարաշահութիւնը՝ խումբ մը ծայրայեղականներու կողմէ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին այս համագումարին: Գերպ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան երկրորդ գլխաւոր նիստին ընթացքին՝ կրօնական հաստատութիւններուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան դերը խաղաղութեան հաստատման համար, յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական խօսք արտասանեց՝ ուր վեր առաւ ծայրայեղականութեան քանդիչ դերակատարութիւնը մեր այսօրուան ընկերութեան մէջ եւ լուծումներ առաջարկեց վայրագութիւնը նուաճելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար: Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան քաղաքացիութիւն եւ միջ-կրօնական դաստիարակութիւն կլոր սեղանի նիստի ընթացքին, չորս այլ մասնակիցներու կողքին, նոյն նիւթին առնչութեամբ իր ներկայացումը կատարեց:

Ժողովը իր փակման նիստին ընթացքին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ դատապարտեց, «կրօններու անունով» կատարուող բոլոր վայրագութիւնները եւ մարդկային իրաւանց դէմ կատարուող բոլոր արարքները՝ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց շրջանի բոլոր փոքրամասնութիւններուն եւ շեշտեց իսլամ-քրիստոնեայ համագոյակցութեան կենսական կարեւորութիւնը: