25 October, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԻ ԻՐԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Սեպուհ Սրբազանը ընդհանուր կերպով ներկայացուց Իրանի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած պատկերը յայտնելով, որ յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպումներ կ’ունենան ընդհանրական հարցերու շուրջ խորհրդակցելու նպատակով: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հոգեւորականները, որոնք լայն բացատրութիւններ տուին իրենց համայնքներուն առնչուած ծրագիրներուն, մտահոգութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունելով քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները շեշտեց յաճախակի առիթներով միասին ըլլալու եւ քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցերուն շուրջ, աղօթական մթնոլորտի մէջ, խորհդակցութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւնները ազատութիւններ շնորհած են քրիստոնեայ համայնքներուն, իրենց կեանքը կազմակերպելու ու կրօնական արարողութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներ մշակելու: Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, յիշեցուց քրիստոնէական միութեան առաջնահերթութիւնը՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը նկատելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան ամէնէն կարեւոր կառոյցը շրջանէն ներս:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Յայտնենք, որ Թեհրանի Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, նաեւ ներկայ էին Նոր Ջուղայի եւ Ատրպատականի առաջնորդներն ու քահանաները:

More News