Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱԺՆԵԿԻՑ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ

Ընկերային ծառայութիւնը Եկեղեցւոյ ու մանաւանդ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւորագոյն բնագաւառներէն մէկն է: Արդարեւ, ընկերային ծառայութեան ընդմէջէն, Եկեղեցին՝ քրիստոնէական հին համայնքներուն օրինակով, օգտակար կը դառնայ գուրգուրանքի, սիրոյ ու ծառայութեան կարիք ունեցող իր համայնքի զաւակներուն, յատկապէս տօնական այս օրերուն:

 

Նոր Տարուան եւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուսի Ծննդեան տօնի նախօրեակին, աւանդութիւն դարձած է, որ Վեհափառ Հայրապետը այցելէ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գտնուող եւ գործող ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններ եւ կեդրոններ, որպէսզի իր ներկայութեամբ ու նուէրներու բաշխումով, Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան կենդանի օրինակը հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ միաժամանակ բաժնեկից դառնայ Եկեղեցւոյ խնամքին յանձնուած զաւակներուն ուրախութեան:

 

            Այս ծիրէն ներս կատարուելիք այցելութիւններուն առաջինը եղաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելութիւնը, Սփիւռքի մէջ աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր անընդմիջաբար գործող, հայ ազգին որբ ու կարօտեալ զաւակներուն տաքուկ բոյնը՝ «Թրչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, որուն նկատմամբ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ գուրգուրանք կը տածէ:

 

22 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, ժամանեց «Թռչնոց Բոյն», ուր դիմաւորուեցաւ Գայեանեան Քոյրերուն, խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ: Անոնց հետ կարճ տեսակցութենէ մը ետք, Վեհափառ Հայրապետը մասնակից դարձաւ մանուկներուն Նոր Տարուան խրախճանքին եւ հետեւեցաւ անոնց կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին: Ապա, մանուկները մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որոնցմէ իւրաքանչիւրին նուէրներ բաշխեց: Վերջապէս, աշկերտները լսեցին Նորին Սրբութեան հայրական յորդորներն ու խրատները: