Փեսայ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի փրկէ իր հարսը՝ եկեղեցին, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի սրբէ ու արդարացնէ զայն:
Բարձրեալ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի կենդանացնէ մեղքով մեռածը, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի զայն բարձրացնէ Բարձրեալ Աստուծոյ ներկայութեան:
Իշխան Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ազատէ մարդը Չարին իշխանութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը Աստուծոյ իշխանութեան ենթակայ դարձնէ:
Տէր Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ազատագրէ մարդը մեղքի տիրութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը մեղքին վրայ տիրող դարձնէ:
Ժայռ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի անհաւատութեամբ ժայռացած մարդուն սիրտը կակուղցնէ, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի այդ սիրտը Աստուծոյ բնակավայր դարձնէ:
Արքայ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ազատէ մարդը դժոխքէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի արքայութեան ժառանգորդ դարձնէ մարդը:
Անմարմին Քրիստոսը մարմնացաւ ու մեռաւ, որպէսզի փրկէ մարմնաւորները մարմինի ստրկութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը յաղթող դարձնէ մարմինին ու մարմնասիրութեան դէմ:
Բժիշկ Քրիստոսը վիրաւորուած գերեզման դրուեցաւ, որպէսզի վիրաւոր մարդիկը դուրս բերէ գերեզմանէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի ո´չ միայն բուժէ զանոնք, այլեւ զանոնք բժիշկներու վերածէ:
Անապական Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի փրկէ մարդը անօրէնութեան ապականութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի իրմով անապական դարձածներուն երկինքը շնորհէ:
Երկնաւոր Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ազատագրէ մարդը երկրաւորի ծառայութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի զայն դարձնէ ժառանգորդ երկնային կեանքին:
Յաւիտենական Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի սորվեցնէ մարդուն չապրիլ ժամանակաւորին համար, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի սորվեցնէ մարդուն ապրիլ յաւիտենականութեան համար:
Օրէնսդիր Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ազատագրէ մարդը Մովսիսական Օրէնքի ստրկութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը դարձնէ Շնորհքի զաւակ:
Քաւիչ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ջնջէ մեր յանցանքները, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մեզ արդարացնէ (Հռ 4.25):
Երկրի ստեղծիչ Քրիստոսը մեռաւ ու երկրի մէջ դրուեցաւ, որպէսզի օրհնէ Ադամով ու պատմութեան բոլոր ադամներով անիծուած երկիրը, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի «ստեղծագործութիւնը ինք եւս ազատագրուի փճացումի դատապարտութենէն» (Հռ 8.21):
Մարմնացած Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի սորվեցնէ մեզի թէ պէտք է մեռնիլ մարմինին համար ու մեռցնել մեր մէջ մարմնասիրութիւնը, եւ մարմինով յարութիւն առաւ, որպէսզի ցոյց տայ մեզի որ Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը միայն մեր հոգիներուն չի վերաբերիր, այլեւ՝ մեր մարմիններուն:
Անմահ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի իր մահովը մահացնէ անցեալի մեր տխուր կեանքը, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի իր յարութեամբը կարենանք նո´ր կեանք մը ապրիլ:
Սէր Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի իր սէրը արտայայտէ մեզի հանդէպ, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի իր զօրութիւնը բացայայտէ եւ զօրակից ըլլայ մեզի:
Անմեղ Քրիստոսը մեռաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի ցոյց տայ մեզի, որ մեղքը մահուան կ’առաջնորդէ, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի ցոյց տայ մեզի, թէ մահը իշխանութիւն չունի իրենց մեղքերէն ձերբազատուած հաւատացեալներուն վրայ:
Փրկիչ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի դառնայ մեր փրկութեան աղբիւրը, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի դառնայ մեր վստահութեան աղբիւրը:
Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան