Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի և Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Սուրիոյ կացութեան ու յատկապէս Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ներս հաստատուած հայ համայնքներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն։ Շեշտուեցաւ մէկ կողմէն մարդասիրական օգնութիւնը շարունակելու հրամայականը, իսկ միւս կողմէն ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ մեր համայնքներուն ներքին կեանքը վերարժեւորումի ու վերադասաւորումի ենթարկելու առաջնահերթութիւնները։ Այս շրջագիծէն ներս յատուկ կարեւորութիւն տրուեցաւ հայ դպրոցներուն։

Յիշեալ հանդիպումէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող ծրագիրներ։