Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2015-ին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեան անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուեցան Հայկական Բանակի օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 23-ամեակին նուիրուած՝ «Ծաղկիր իմ երկիր, ես քո զինուորն եմ» տօնական համերգին:
Համերգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետները ընթրիքի հիւրը եղան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին: