17 Փետրվարի, 2015

Ի՞նչ է Բուն Բարեկենդանը

«Բուն Բարեկենդան»ը Ադամի ու Եւայի մեղքէ զերծ «դրախտին կեանքն էր», կ’ըսէ Գրիգոր Տաթեւացին: Արդարեւ, եկեղեցին, ինչպէս շարականագիր հայրապետները ցոյց կու տան, «Բուն Բարեկենդան» ըսելով, կը հասկնայ Ադամի ու Եւայի կեանքի այն ժամանակահատուածը` ուր չկա´ր մեղք, չկա´ր պատուիրանազանցութիւն ու անհնազանդութիւն, այլ` կա´ր միայն անմե­ղութիւն, պատուիրանապահութիւն եւ հնազանդու­թիւն:

 

«Բուն» կը նշանակէ` իսկական, ճշմարիտ, իրական, վաւերական: Իսկ «Բարեկենդան» բառը թէպէտ չէ գործածուած Աստուածաշունչին մէջ, եւ սակայն, անոր խորհուրդը Աստուածաշնչական է: «Բարեկենդան» բառը կրճատումն է երկու բառերու` «բարի» եւ «կենդանի», որ կը նշանակէ` ապրող: Այս իմաստով, «Բարեկենդան», կը նշանակէ` բարութեամբ ապրող, բարի կեանք ապրող: Եւ հետեւաբար, «Բարեկենդան»ը` բարութեամբ ապրուած ու բարութեամբ յատկանշուած կեանքի մը խորհուրդը ունի իր մէջ: Եւ եթէ երբեք «Բուն» բառը դնենք անոր առջեւ, յստակ կը դառնայ, որ ըսել ուզուածը այն է, որ բո´ւն կեանքը` իսկական ու իրական կեանքը` ճշմարիտ ու վաւերական կեանքը` բարութեամբ ապրուած կեանքն է, բայց մանաւանդ` աստուածային բարիքներով լեցուն ու անոր բարերարութիւններով զեղուն կեանքն է: Եւ խորքին մէջ, Ադամի ու Եւայի մեղքէ զերծ կեանքի ժամանակահատուածը սուրբ հայրերու կողմէ կոչուած է Բուն Բարեկենդան, ո´չ թէ որովհետեւ Ադամ ու Եւա իրե´նք բարի կեանք կ’ապրէին, այլ` որովհետեւ Աստուած ի´նք` իր բարիքներով լեցուցած էր անոնց կեանքը եւ իր քաղցր ներկայութեամբ ջերմացուցած էր զանիկա: Հետեւաբար, Աստուծոյ բարութիւններուն ու բարերարութիւններուն համար է որ Ադամի ու Եւայի կեանքի անմեղ ժամանակահատուածը կոչուած է Բուն Բարեկենդան:

 

Ադամին ու Եւային կեանքի անմեղ տարիները` կը կազմէին անոնց բո´ւն կեանք, անոնց կեանքի բո´ւն բարեկենդանը, որովհետեւ բարին Աստուած ի´նք կը լեցնէր այդ կեանքը: Այնքան ատեն երբ Աստուած ի´նքն էր լեցնողը Ադամին ու Եւային կեանքը եւ իշխողը անոնց կեանքին մէջ՝ այդ կեանքը բո´ւն կեանքն էր, բարեկենդա´ն կեանքն էր, բարի´ ու բարութեա´մբ ապրուած կեանքն էր: Այնքան ատեն երբ Ադամ ու Եւա կը շարունակէին աստուածապատկան եւ աստուածապատկեր կեանք մը ապրիլ՝ այդ կեանքը բարի էր:

 

Վերոյիշեալ բացատրութեանց վրայ հիմնուելով, կրնանք ըսել, թէ Ադամի ու Եւայի մեղքէ զերծ կեանքի ժամանակահատուածը կը կոչուին «Բուն Բարեկենդան», պարզելու համար, թէ.-

 

ա) «Բուն Բարեկենդան»ը, այսինքն` բուն կեանքը` Աստուծոյ կամքին ներքեւ ապրուած կեանքն է: Այնքան ատեն որ Ադամ ու Եւա կ’ապրէին Աստուծոյ կամքին ներքեւ, այլ խօսքով` կը գործադրէին Աստուծոյ կամքը, ունէին բո´ւն կեանքը, եւ կը գտնուէին բուն բարեկենդանի մէջ, այլ խօսքով` ճշմարտապէս բարի կեանքին մէջ, որ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած կեանքն էր, Աստուծոյ կողմէ օրհնուած ու պաշտպանուած կեանքն էր: Բայց երբ Ադամ ու Եւա դուրս եկան Աստուծոյ կամքէն, եւ որոշեցին Սատանային կամքը կատարել, իրենց սեփական կամքը կատարել, իրենց «ես»ին կամքը կատարել, այդ պահէն սկսեալ, կորսնցուցին Աստուածապարգեւ բարեկենդան կեանքը: Հոսկէ կը սորվինք, թէ անոնք որոնք Աստուծոյ կամքը կատարելու փոխարէն` իրենց «ես»ին կամքը կը կատարեն, կը կորսնցնեն իրենց բուն բարեկենդանը, իրենց բուն կեանքը:

 

բ) Բուն Բարեկենդանը` պատուիրանապահութեան, եւ ուստի` Աստուծոյ հնազանդութեան կեանքն է: Այնքան ատեն որ Ադամ ու Եւա կը հնազանդէին Աստուծոյ պատուիրաններուն` անոնք կը վայելէին անոր բարեկենդան ներկայութիւնը, այլ խօսքով` իրենց կեանք շնորհող ներկայութիւնը: Աստուծոյ պատուիրանները կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունին. զանոնք գործադրողները` կեանք կ’ունենան:

 

գ) Ադամի ու Եւայի կեանքի անմեղունակ ժամանակահատուածը կը կոչուի «Բուն Բարեկենդան», որովհետեւ անիկա Աստուծոյ հետ մտերիմ յարաբերութեան կեանքն էր: Այնքան ատեն որ Ադամ ու Եւա արգիլեալ ծառին պտուղէն ուտելով մեղք չէին գործած` Աստուծոյ եւ իրենց միջեւ ջե´րմ յարաբերութիւն ու մնայո´ւն հաղորդակցութիւն կար, եւ այդ յարաբերութիւնն ու հաղորդակցութիւնը` իրենց բուն բարեկենդանը կը կազմէր, իրենց բուն կեանքը կը հանդիսանար, բայց երբ մեղք գործեցին` խզուեցաւ Աստուծոյ եւ իրենց յարաբերութիւնը: Արդարեւ, մեղքը կը խզէ Աստուծոյ եւ մեր յարաբերութիւնը:

 

դ) Բուն Բարեկենդանը` Աստուածճանաչողութեան կեանքն է: Ադամ ու Եւա կը ճանչնային զԱստուած: Անոնք կը ճանչնային Քրիստոսի ոտնահետքերուն ձայնը: Ծննդոց 3.8-ին մէջ կը կարդանք, թէ Ադամ ու Եւա լսեցին պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյն ձայնը: Տուեալ համարին մասին խօսելով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ գեղեցկօրէն կը բացատրէ, թէ Ադամ ու Եւա ճանչցան Քրիստոսի ոտքերուն ձայնը, որովհետեւ ծանօթ էին անոր ձայնին, որովհետեւ մտերմութիւն ու փոխադարձ ճանաչողութիւն կար անոնց միջեւ: Բոլոր անոնք որոնք կը ճանչնան Քրիստոսը, կը ճանչնան անոր սէրն ու բարութիւնը եւ կը ճաշակեն զանոնք` անպայման որ կը ճանչնան անոր ոտքին ձայնը, անոր խօսքին ձայնը, անոր կանչին ձայնը, անոր սիրոյն ձայնը, եւ կ’ընդառաջեն անոր ձայնին:

 

ե) Բուն Բարեկենդանը` Աստուծոյ ուրախարար ներայութեան մէջ ապրուած կեանքն է: Աշխարհի մարդիկ կը կարծեն որ Աստուծոյ մօտիկ եղող մարդիկը ուրախ կամ ուրախութիւնը սիրող մարդիկ չեն: Եւ սակայն, ճիշդ հակառակը, Աստուծոյ մարդիկը իրե´նք են որ ուրախութիւնը կը սիրեն, իսկական ուրախութիւնը, որ յաւիտենական ուրախութիւնն է, Աստուծոյ ներկայութեան մէջ գտնուող ուրախութիւնն է: Սիրտ մը որուն մէջ Աստուած կը թագաւորէ՝ այդ սիրտը ուրախութեան իւղով օծուն է:

 

զ) Բուն Բարեկենդանը` Աստուծոյ հետ ապրուած կեանքն է. այդ կեանքը սիրալիր կեանք է, հաճելի ու հաճոյքով լեցուն կեանք է, քաղցր եւ գորովալից կեանք է: Աշխարհի մարդը Աստուծոյ հետ ապրուած կեանքին մէջ ոչինչ կը տեսնէ հաճելի: Անոնք որոնք կը խորհին թէ Աստուծոյ մարդիկը զրկուած են իսկական հաճոյքէն, կեանքի հաճոյքէն, անոնց կը յիշեցնեմ, որ իրական հաճոյքը Աստուծոյ գրկին մէջ ապրիլն է: Ի՞նչպէս կարելի է զրկուած ըլլալ կեանքի հաճոյքէն երբ կեանքի իշխանը ինքն է որ կ’իշխէ մեր կեանքին մէջ: Ի՞նչպէս կարելի է զրկուած ըլլալ ուրախութենէն երբ ուրախութեան Աստուածը` ինքն է Աստուածը մեր կեանքերուն:

 

Եկէք, Բուն Բարեկենդանի առիթով, խնդրենք Տիրոջմէ որ վերստին շնորհէ մեզի ո´չ թէ Ադամի ու Եւայի վայելած Բուն Բարեկենդանը, որ իր ամբողջ գեղեցկութեամբ հանդերձ` ժամանակաւոր հանգամանք մը ունէր, այլ` երկրորդ Բուն Բարեկենդանը, որ Քրիստոսով մեզի շնորհուած նո´ր ու առաւե´լ կեանքն է, յաւիտենակա´ն կեանքն է, Քրիստոսակեդրո´ն կեանքն է: Այդ կեանքի Տիրոջ ու Տուիչին փա՜ռք, հիմա ու յաւիտեան: Ամէն:

 

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

More News