2 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կրօնական Ազատութեան Բաժանմունքի պատասխանատու Դոկտ. Հէյնըր Պիելեֆելթ, ընկերակցութեամբ իր երկու օգնականներուն։ Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչին առաքելութիւնն էր մօտէն ուսումնասիրել խղճի ազատութեան առնչուած հարցեր ու մտահոգութիւններ, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Լիբանանի մէջ։ Իր առաքելութեան աւարտին, Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչը իր զեկոյցը պիտի ներկայացնէ նախ Մ.Ա.Կ.-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին, Ժընեւի մէջ, եւ ապա՝ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովական Խորհուրդին, Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ։
Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչին, յիշեալ նիւթին շուրջ, կատարելով անհրաժեշտ մեկնաբանութիւնները ու պարզելով իր տեսակէտները։ Առաջին հերթին Նորին Սրբութիւնը սահմանեց «կրօն» ու «հաւատք» բառերը, նշելով թէ՛ անոնց զանազանութիւնը եւ թէ ներքին յարակցութիւնը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ «խղճի ազատութեան մասին խօսելու համար հարկ է մեկնիլ ժողովրդավարական սկզբունքներէն։ Հոն ուր ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունի, հոն նաեւ խղճի ազատութիւն կայ. հակառակն ալ ճիշդ է»։ Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, թէ «ժողովրդավարութիւն կը նշանակէ հաւասարութիւն երկրի մը քաղաքացիներուն միջեւ, նոյն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով։ Ան նաեւ կը նշանակէ համարատուութիւն, թափանցիկութիւն եւ վերջապէս, այս սկզբունքներուն հիմքը կազմող՝ ազատութիւն»: Հետեւաբար, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ այս սկզբունքներով ղեկավարուող ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնի ազատութիւնը բնական է։ Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը նաեւ զգուշացուց, թէ «բացարձակ ազատութիւնը Աստուծոյ կը պատկանի։ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ազատութիւնը պատասխանատու ազատութիւն է. համարատուութեամբ պայմանաւորուած ազատութիւն է։ Եւ աւելին՝ անձի մը ազատութիւնը չի նշանակեր ուրիշին ազատութեան կաշկանդումը կամ բռնաբարումը։ Ներկայ բազմակրօն ընկերութեան մէջ անհրաժեշտ է յարգանք ու հասկացողութիւն ցոյց տալ ուրիշին կրօնին նկատմամբ»։
Վերոյիշեալ ընդհանուր վերլուծումներէն ու յիշեցումներէն յետոյ, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «Լիբանանը համայնքներու ընտանիք մըն է։ Լիբանանեան ընտանիքը կը կառավարուի իր ներքին դրուածքին յատուկ ժողովրդավարական սկզբունքներով։ Արդ, ժողովրդավարական երկիր ըլլալով ու կազմուած ըլլալով զանազան համայնքներէ, կրօնի ազատութիւնը Լիբանանի ներքին կեանքին ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է։ Լիբանանեան ներքին գոյակցութիւնը զանազանութիւնները պահելու ու յարգելու վրայ խարսխուած է։ Այս իմաստով, Լիբանանը դրական օրինակ մը կրնայ ըլլալ բազմակրօն այլ ընկերութիւններու»։
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ «համաշխարհայնացումը ներկայ աշխարհը փոքրացուցած է։ Կրօններ, մշակոյթներ, ազգեր միասին կ’ապրին, մէկ կողմէն պահելով իրենց զանազանութիւնները, միւս կողմէ զիրենք իրարու կամրջող հասարակաց սկզբունքներ ու արժէքներ, կենցաղակերպեր ու մտածելակերպեր զարգացնելով։ Բոլոր պայմաններուն մէջ հարկ է յարգել կրօնի ազատութիւնը, որպէս մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքներէն մէկը»։