Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
17 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Տէյվիտ Հէյլի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Վատիկանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Սրբազան Քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին խօսքը և Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։ Նաեւ արծարծուեցան Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր՝ ներառեալ նախագահի ընտրութիւնը։