ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական բնագաւառէն ներս համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ։ Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ.- Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն։ Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն…