31 Մարտի, 2015

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ “ԱՐՄԷՆԲՐԷՍ”Ի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

1.- Վեհափառ Տէր, այս տարի հայ ժողովուրդը կþոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Ո՞րն է Ձեր պատգամը հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան։

            Երբ շուրջ երեք տարիներ առաջ սկսած էինք պատրաստուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներուն, Մենք կարեւորութեամբ շեշտեցինք հետեւեալը, որպէս մեկնակէտ ինչպէս նաեւ նպատակակէտ մեր գործընթացքին։ Առաջին հերթին ըսինք, որ սովորական ամեակ մը չէ որ պիտի նշենք. իր խորքով, բնոյթով ու նպատակով բոլորովին տարբեր պէտք է ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարեդարձը։ Երկրորդ, սովորական ձեռնարկներէ անդին պէտք է յստակ դառնայ մեր նպատակը՝ ո՞ւր հարկ է դնել շեշտը, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր թիրախը։ Երրորդ, ռազմավարական ու մարտավարական մեր մօտեցումները պէտք է յստակօրէն ճշդենք. նոյնը պէտք չէ կրկնենք. ներկայ պայմաններու լոյսին տակ վերատեսութեան պէտք է ենթարկենք մեր մօտեցումները։ Եւ չորրորդ, 100-ամեակը պէտք չէ գագաթնակէտը նկատել հայ դատի գծով հարիւր տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքին, այլ գագաթ մը միայն եւ, հետեւաբար, աւելի բարձր գագաթներ նուաճելու յանձնառութիւնը մղիչ ուժը պէտք է դառնայ հայ դատի մեր աշխատանքներուն։ Յիշեալ մօտեցման լոյսին տակ երեք բառերու մէջ փորձեցինք խտացնել Մեր ընելիքները.- ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼ։ Բացատրենք հակիրճ կերպով։

 

Ա¤ Հաւաքական յիշողութիւնը կենսական է ժողովուրդի մը կեանքէն ներս։ Պատմութիւնը սոսկ դէպքերու ու դէմքերու մասին տեղեկութիւններու ամբողջութիւն մը չէ գրքի մը մէջ ամփոփուած, այլ շարունակուող ու կենդանի իրականութիւն մըն է։ Սերունդէ սերունդ փոխանցուած յիշողութիւնն է, որ անցեալը անցած պիտի չդարձնէ այլ՝ պիտի վերածէ կենդանի ու գոյութենական ներկայութեան։ Հաւաքական յիշողութիւնն է որ սերունդներու ինքնութիւնը կը կազմաւորէ ու անոնց պատկանելիութեան արմատները կը զօրացնէ։ Հաւաքական յիշողութիւնն է որ սերունդերը դէպի ապագայ կþառաջնորդէ անոնց մէջ վառ պահելով իրենց ազգային գերագոյն իտէալներն ու ձգտումները։ Միթէ այսպէս չեղա՞ւ հարիւր տարիներ մեր հաւաքական յիշողութիւնը՝ ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդներու կեանքին մէջ։

 

Բ¤ Անհրաժեշտ է անցեալի մեր յիշողութիւնը վերածել նաեւ յիշեցման՝ ուղղուած մեր շրջապատին։ Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհը, ուր գոյութիւն չունին ցանկապատեր, կը պարտադրէ մեզի որ յիշեցնենք զանազան կերպերով մեր շրջապատին, մեր դրացիին, գործակիցին, այլ խօսքով՝ ուրիշին, թէ ցեղասպանութիւն մը գործադրուած է հայ ժողովուրդին դէմ եւ թէ այս ոճիրը տակաւին կը մնայ անպատիժ։ Անցնող հարիւր տարիներուն այս ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանք կատարուեցաւ։ Քարոզչական, հրատարակչական, յարաբերական, քաղաքական, կրօնական, եւ այլ բնագաւառներէն ներս կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան մեր եկեղեցւոյ, կուսակցութիւններուն, հայ դատի մարմիններուն եւ վերջին երկու տասնամեակներուն Հայաստանի պետութեան կողմէ։ Այս աշխատանքները վերանորոգ թափով անհրաժեշտ է որ շարունակուին, սակայն՝ տարբեր մօտեցումներով, մեթոտներով ու շեշտաւորումներով, որովհետեւ աշխարհը հիմնովին փոխուած է։

 

Գ¤ Պահանջատիրութիւնը մեր ժողովուրդի դատին էութիւնն իսկ է։ Մենք միայն մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը պիտի չյիշենք, զայն միայն պիտի չյիշեցնենք աշխարհին, այլ՝ արդարութիւն պիտի պահանջենք։ Պահանջատիրական ոգիով ու մօտեցումով պէտք է մշակենք մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ աղերս ունեցող ծրագիրները ու ճշդենք առնուելիք քայլերը։ Մեր մարդկային իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած. մէկուկէս միլիոն հայու արիւն է թափած. մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու անհատական կալուածները կը մնան բռնագրաւուած ցեղասպան թուրքին կողմէ։ Այս կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար միայն ողբալ ու այս մասին գրել ու խօսիլ։ Պէտք է մեր իրաւունքները պահանջենք։ Մեր պահանջատիրութիւնը պէտք է ըլլայ տրամաբանուած, ծրագրուած ու պատմա-իրաւական տուեալներով ամրապնդուած, հեռու մնալով ամէն տեսակ զգացական, պարագայական ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ։

 

            2.- Վեհափառ Տէր, ի՞նչ դաս պէտք է քաղենք Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ 100-րդ տարելիցէն յետոյ, որոնք պէտք է ըլլան հայ ժողովուրդի քայլերը։

            Հայոց ցեպասպանութեան 100-րդ ամեակին մասին խօսելով, Մենք յաճախ կը յիշեցնենք մեր ժողովուրդին, թէ անհրաժեշտ է նայիլ 100-ամեակէն անդին։ Այլ խօսքով, մեր ծրագրումները պէտք է այնպէս կատարուին, որոնք մեզ կþառաջնորդեն 100-ամեակի շրջագծէն անդին։ Նեղ օղակներու մէջ պարփակուած գործելը մեզ հեռու կը պահէ յաջողութեան առաջնորդող ճամբաներէ։ 100-ամեակը, ինչպէս քիչ առաջ շեշտեցինք, գագաթնակէտը չէ հայ դատի աշխատանքներուն, այլ հանգրուան մը միայն. հանգրուան մը, որ մեզ կը մղէ անցեալին նայելու, կատարուած աշխատանքը վերլուծելու, արժեւորելու ու գնահատելու, եւ ապա ապագայատեսիլ մօտեցումով ծրագրելու մեր աշխատանքը 100-ամեակէն անդին։ Արդ, ի՞նչ պէտք է ընել 100-ամեակէն յետոյ։ Ընդհանուր գծերով կþուզենք Մեր պատկերացումը պարզել.-

 

ա¤ Ամէն բանէ առաջ հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը ¥Մենք կը նախընտրենք պայքար բառը գործածել որովհետեւ բռնաբարուած իրաւունք մը ձեռք ձգելու աշխատանը պայքար է¤ կը ստիպէ մեզ, որ միասնական ոգիով ու համահայկական մօտեցումով ու ծրագրումով կատարենք այս աշխատանքը։ Միայն առիթէ առիթ քով-քովի չգանք ու պարագայաբար մեր միասնականութիւնը չարտայայտենք։ Դժբախտարար նման մօտեցում ունեցած ենք անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին։ Մեր միասնականութիւնը պէտք է մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր կեանքին մէջ ու մղիչ ուժը մեր պահանջատիրական պայքարին։

 

բ¤ Անհրաժեշտ է համահայկական մտածողութիւն մշակել այս ուղղութեամբ։ Մեր միասնակամութիւնը կը դառայ զգացական ու ժամանակաւոր երբ ան չէ խարսխուած համահայկական մտածողութեան վրայ։ Մեր ժողովուրդը ներկայացնող կարեւոր կառոյցներու ներկայացուցիչները, բնականաբար Հայաստանի պետութեան գլխաւորութեամբ, պէտք է միասնաբար մտածեն թէ ինչպէս կարելի է կազմակերպել մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման աշխատանը 100-ամեակէն յետոյ։

 

գ¤ 29 Յունուար 2015-ին Ծիծեռնակաբերդին առջեւ մեր ժողովուրդը ներկայացնող պատասխանատուներուն ներկայութեան Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին կողմէ կարդացուած Հռչակագիրը համահայկական մտածողութեան ու աշխատանքի առաջին եւ մեծապէս կարեւոր քայլն էր։ Հռչակագրին պէտք է յաջորդեն գործնական քայլեր ու ճշդուի քննարկումներու ու ծրագրումներու յստակ գործընթացք մը։ Այս ծիրէն ներս զանազան առիթներով Մենք յիշեցուցած ենք թէ մեր պահանջքին գծով յստակեցում կատարելու առընթեր անհրաժեշտ է նաեւ աշխատանքի բաժանում կատարել։ Այս ծիրէն ներս բնականաբար Հայաստանի պետութիւնը իր ընելիքը պէտք է ունենայ եւ Սփիւռքը՝ իր ընելիքը։ Կատարուելիքները պէտք է զիրար ամբողջացնեն ու իրարու հետ ներդաշնակուին՝ նպատակասլաց նո՛յն ուղղուածութիւնը ունենալով։

 

դ¤ Վերջապէս, ինչ կը վերաբերի պահանջատիրութեան, խորքին ու բնոյթին, կը խորհինք որ ժամանակը հասած է որ մեր աշխատանքներուն կիզակէտը դառնայ իրաւական մարզը։ Բնականաբար յիշելու ու յիշեցնելու մեր աշխատանքները պիտի շարուանկուին ու պէտք է շարունակուին։ Սակայն, մեծապէս անհրաժեշտ է որ մեր դատը մուտք գործէ իրաւական դաշտ։ Տասնամեակներ առաջ հայ դատի մասին խօսելով կþըսէինք՝ այժմէականացում, քաղաքականացում եւ միջազգայնացում։ Այս ուղղութեամբ գնահատելի աշխատանք կատարուած է։ Այս գործընթացքը շարունակելով հանդերձ, անհրաժեշտ է ուսումնասիրուած ու ծրագրուած կերպով ու հանգրուանային մօտեցումով մուտք գործել իրաւական դաշտ։ Սակայն, հարկ է ըլլալ իրատես։ Այս բնագաւառը այդքան ալ վարդագոյն պատկերով չի ներկայանար. միջազգային օրէնքի տուեալները այնքան ալ ի նպաստ չեն մեր դատին։ Աշխարհաքաղաքական պայմանները եւս ի նպաստ չեն մեր դատին։ Հակառակ այս դառն իրականութեան, պարտուողական ոգի ու կրաւորական մօտեցում պէտք չէ ունենանք, այլ քաջութիւնը պէտք է ունենանք իրաւական մարզէն ներս գործնական քայլերու դիմելու։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առնելիք իրաւական քայլը այս նպատակը կը հետապնդէ։ Ինչպէս գիտէք, շուրջ երեք տարիներէ ի վեր Մենք յատուկ աշխատանքի լծուած ենք. իրաւական թղթածրարը կը պատրաստենք պահանջելու Սիսի մեր պատմական Կաթողիկոսարանը։ Այս քայլին պիտի յաջորդեն մեր ազգապատկան ու անհատական կալուածներու պահանջքը։ Սակայն սա դիւրին գործ չէ. հետեւողական ու լուրջ աշխատանք ու հետապնդում կը պահանջէ՝ նաեւ նիւթական լայն կարելիութիւններ։ Հետեւաբար, Մեր թելադրութիւնն է որ մենք հաւաքաբար 100-ամեակէն յետոյ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործնական քայլերու դիմենք։ Հարկ է մեր արխիւները քննել, ուսումնասիրել, ցանկագրումը կատարել մեր կորուստներուն, եւ ապա ուսումնասիրել միջազգայի օէնքի տուեալները։ Գիտենք, այս գծով վերջին տարիներուն գնահատելի աշխատանքներ կատարուեցան։ Անհրաժեշտ է այդ աշխատանքները համահայկական ճիգով աւելի լայն խորքի վրայ կատարել եւ աշխատանքի գործընթացք մը ճշդել։ Այս ուղղութեամբ եւս Հայաստանի պետութեան դերը կը նկատենք խիստ կարեւոր։ Ան առաջնորդողի դեր պէտք է ստանձնէ, որովհետեւ չմոռնանք երբեք, որ հայ ժողովուրդի դատին իրաւատէրը Հայաստանի պետութիւնն է։

 

            3.- Ի՞նչ կարելի է ակնկալել միջազգային հանրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով։ Արդեօ՞ք այս հարցով նոյնպէս հայ ժողովուրդը պէտք է ապաւինի իր սեփական ուժերուն։

            Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը բնականօրէն պիտի շարունակուի։ Կարգ մը պետութիւններ բացայայտօրէն մեր կողքին եղած են ճանչնալով Հայոց Ցեպասպանութիւնը, ուրիշներ Թուրքիոյ առնչուած իրենց շահերէն կամ մտահոգութիւններէ մեկնելով եւ կամ կրօնական զգայնութիւններ նկատի ունենալով կրնան այս հանգրուանին պաշտօնապէս չճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Սակայն, Մենք վստահ ենք որ անոնք ներքնապէս մեզի հետ են։ Անոնք շատ լաւ գիտեն որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է։ Հետեւաբար, մեր մօտեցումը այդ պետութիւններուն կամ կառոյցներուն նկատմամբ պէտք չէ ժխտական ըլլայ, այլ բարեկամական, միշտ յիշեցնելով անոնց մեր ակնկալութիւնը։ Չմոռնանք երբեք, որ պետութիւններ կը գործեն մեկնելով իրենց շահերէն։ Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը պէտք է իր սեփական ուժերուն ապաւինի։ Եղիշէ Չարենցին պատգամը յաւիտենական ճշմարտութեան վերահաստատումն է՝ Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է Այո՛, մեր միասնականութեան ու սեփական ուժին մէջ է մեր հզօրութիւնը։ Մեր միասնականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ամրապնդումը, ՀայաստանևՍփիւռք գործակցութեան սերտացումը կը կազմեն մեր սեփական ուժին հիմքը։ Պէտք է մեր ազգին ու հայրենիքին, մեր սեփական տան հիմքը պահենք ամուր ու զօրեղ՝ բոլորուելով մեր գերագոյն եւ ընդհանրական արժէքներուն ու իտէալներուն շուրջ։ Այս կը թելադրէ մեզի մեր դարաւոր պատմութիւնը։

 

 

More News