Հայ Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը կ’օրհնուի եօթը տարին անգամ մը: Ս. Միւռոնի պատրաստութիւնը տեղի կ’ունենայ զանազան հանգրուաններով եւ ամիսներու վրայ երկարող աշխատանք կ’ենթադրէ: Ս. Միւռոնը կը պատրաստուի քառասունէ աւելի բոյսերէ: Առ ի տեղեկութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կ’ուզենք յայտնել, որ Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին տեղի ունենալիք Միւռոնի օրհնութեան պատրաստութեան վերջին հանգրուանի աշխատանքները պիտի սկսին հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.
Հինգշաբթի, 16 Ապրիլ 2015
Ժամերգութիւն առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Ժամերգութենէն ետք հանդիսաւոր թափօր եւ օրհնութիւն բոյսերուն՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Բոյսերու օրհնութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը պիտի վառէ Միւռոնի պատրաստութեան կրակը, որ առկայծ պիտի մնայ 48 ժամ:
Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2015
Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-ին կրակը կը մարի եւ եփուած Միւռոնը կը հանգչի մինջեւ կէսօրուան ժամը 12:00: Ապա, Միւռոնը կը փոխադրուի գանձատուն, ուր զտումի աշխատանքը տեղի կ’ունենայ չորս հանգրուանով:
Շաբաթ, 2 Մայիս 2015
Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, եփուած եւ զտուած Միւռոնը կը տեղադրուի պատմական Միւռոնի կաթսային մէջ, որ կը փոխադրուի Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի խորանին վրայ, մինչեւ Միւռոնի օրհնութեան օրը:
Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն աղօթքի եւ խոկումի ճամբով հոգեպէս մասնակից դառնալու Միւռոնի պատրաստութեան: