ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀՈԼԱՆՏԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս-Լիբանան Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, ինծի ուղղած համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած էր ստացած, աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը հետեւանքով: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն…