Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան։ Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներէն ներս հոգեւորականներուն ու ժողովուրդի մասնակցութեամբ, յատուկ միջ-եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան ու քարոզներ կը խօսուին՝ շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:

 

Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին, Պէյրութի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։ Միջ-եկեղեցական արարողութեան ներկայ էին հոգեւոր պետեր, առաջնորդներ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Սոյն արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր կողքին ունենալով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը եւ միաբան հայրեր։