Բազմահազար հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ, այս առաւօտ փութացին Անթիլիաս տօնախմբելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ։ Հոգեպարար տեսարան պարզուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս երբ մեր սիրելի մանուկները մոմերով ու ձիթենիի ճիւղերով մասնակից դարձան ծաղկազարդի թափօրին և ապա լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրական խօսքը։
«Այսօր մենք կը դիմաւորենք մեր Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Ի՜նչ գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել մեր մանուկները իրենց ծնողներով, որոնք եկած են ծաղկազարդի խորհուրդով ծաղկազարդելու իրենց կեանքը»։ Ապա Վեհափառը աւելցուց.- «Այսօր, նաեւ մենք կը տօնենք հայ ժողովուրդին ծաղկազարդը։ Նայեցէք ձեր շուրջ։ Ծաղկազարդուած է հայ կեանքը՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Լիբանան և սփիւռս աշխարհի։ Պայծառակերպուած է մեր կեանքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով։ Վերանորոգուած է մեր կեանքը ազգային ձգտումներով ու երազներով»։
Վեհարանի պատշգամէն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին. «ինչպէս գիտէք ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան. չմոռնանք որ 100 տարիներ առաջ ցեղասպան թուրքը մեր նախահայրերն ու նախամայրերը ջարդեց. ուզեց հայ ժողովուրդը բնաջնջել ու Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն։ Սակայն, ան չյաջողեցաւ իր ծրագրին մէջ։ Այսօր հայ ժողովուրդը յարութիւն է առած իր ազատ ու անկախ հայրենիքով, ինքնիշխան Արցախով ու կազմակերպ սփիւռքով։ Այսօր, հայ ժողովուրդը պահանջատէր է. ան կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը և իր իրաւունքներուն հատուցումը։ Այս ոգիով ու յանձնառութեամբ մենք պէտք մեր մանուկները դաստիարակենք մեր ընտանիքներէն և դպրոցներէն ներս» կոչ ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։
Հայրապետական Պատգամէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառ Հայրապետը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց, տօնական ուրախութեամբ լեցնելով անոնց սրտերը։