«Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան» (Յհ 10.14): Քրիստոս այստեղ կը խօսի փոխադարձ ճանաչողութեան մասին եւ ո´չ թէ միակողմանի ճանաչողութեան մասին: Քիչ չէ թիւը անոնց՝ որոնք կը յայտարարեն որ կը ճանչնան զՔրիստոս, եւ որոնք սակայն, դատաստանի օրը անկէ պիտի լսեն. «Բնա´ւ ձեզ չեմ ճանչնար» խօսքը (Մտ 7.23, 25.12):
Օր մը ուսուցիչ մը իր աշակերտին հարցուց. «Կը ճանչնա՞ս երկրիդ նախագահը», «Այո´», պատասխանեց անիկա: Անոր հարցուեցաւ թէ ինչպէ՞ս կը ճանչնար զանիկա: Ան բացատրեց որ բազմաթիւ անգամներ տեսած էր զայն հեռատեսիլին մէջ եւ կարդացած անոր մասին թերթերուն մէջ: Ասիկա միակողմանի եւ տեսական ճանաչողութիւն է: Եթէ նախագահին հարցուէր որ եթէ երբեք կը ճանչնար զինք ճանչցող աշակերտը, անոր պատասխանը վստահաբար պիտի ըլլար բացասական:
Սիրելի´ ընթերցող, դուն ինչպէ՞ս ճանչցած ես զԱստուած: Իր մասին հոս ու հոն կարդալո՞վ, այս ու այդ եկեղեցիին մէջ սուրբ պատարագին ներկայ ըլլալո՞վ: Աստուած կ’ուզէ որ զինք ճանչնաս անձնապէս: Կը ճանչնա՞ս: Զայն անձնապէս ճանչնալը անոր մասին բաներ մը լսած ըլլալը չէ միայն, Սուրբ Գիրք կարդալն ու եկեղեցի յաճախելը չէ միայն: Ամբողջ կեանքիդ ընթացքին կրնաս եկեղեցի յաճախած ըլլալ, իր մասին հարիւրաւոր քարոզներ լսած ըլլալ, մնայուն կերպով իր խօսքը սերտած ըլլալ, բայց առանց երբեք զինք ճանչցած ըլլալու: Այս բոլորը արժէք կը ստանան երբ անձնապէս ճանչնաս զՔրիստոս իբրեւ Տէրդ եւ Փրկիչդ:
Քրիստոս կ’ուզէ որ իր ձայնը լսես եւ ո´չ թէ իր մասին լսես: Քարոզը չէ որ հոգիդ կրնայ կշտացնել, այլ քարոզուածը՝ Քրիստոս: Եկեղեցի յաճախելը չէ որ քեզ կրնայ փրկել, այլ՝ եկեղեցիին Գլուխին՝ Քրիստոսի յանձնուիլը: Ցաւալի´ է տեսնել մարդիկ որոնք ամէն Կիրակի Աստուծոյ տունը կ’երթան, եւ սակայն, խորթ են Աստուծոյ համար, եւ Աստուած ալ՝ իրենց համար: Չի´ բաւեր Աստուծոյ տունը երթալ, այլ պէտք է Աստուծոյ տունը ըլլալ: Եկեղեցի երթալը ուրիշ բան է, եկեղեցիի վերածուիլը՝ ուրիշ բան: Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, որ մե´նք ենք Քրիստոսի տունը (Եբր 3.6), մե´նք ենք Աստուծոյ Սուրբ Հոգիին տաճարը (Ա.Կր 3.16):
«Կը ճանչնամ ոչխարներս»: Քրիստոսի ունեցած ճանաչողութիւնը մեր անձերուն տեսական չէ: Քրիստոս կը ճանչնայ մեզ մեր բոլոր մտահոգութիւններով, տագնապներով ու ցաւերով: Ան կը ճանչնայ մեզ մեր փափաքներով, երազներով ու տեսիլքներով: Կը ճանչնայ մեր ակնկալութիւնները, նպատակներն ու ծրագիրները: Ան քաջածանօթ է մեր բնաւորութեան, կարողութեան, խեղճութեան եւ նկարագիրին: Ան կը ճանչնայ մեր ամբողջ ներաշխարհը, մեր սիրտն ու սրտին սէրերը, մեր հոգին ու հոգերը: Մէկ խօսքով, Քրիստոս կը ճանչնայ մեզ մեր ամբողջ էութեամբ եւ իսկութեամբ: Եկո´ւր իրեն առանց քաշուելու, որովհետեւ ան գիտէ թէ դուն ո´վ ես եւ գիտէ թէ պէ´տք ունիս իրեն:
Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան