18 March, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 17 Մարտ 2015-ի երեկոյեան, «Բողոքական Բարեկարգութիւնը եւ Միջին Արեւելքը» համագումարի նախօրեակին, Պէյրութի Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համագումարին մասնակիցներուն:

 

Սոյն ընդունելութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները ներկայացնող առաջնորդներ, Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ Դեսպան Քրիսթիան Քլակէս, Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Քրիս Ֆերկընսըն, Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ այլ միջ-եկեղեցական տեղացի թէ օտար հիւրեր:

 

Երկուշաբթի, 16 Մարտ 2015-ին, Լիբանանի Սուրբ Գրոց Ընկերութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրած էր Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանները, ծանօթացնելու Ընկերութեան կատարած առաքելութեան: Ամին Խուրի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Խորհուրդի նախագահը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ապա, խօսք առաւ Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Մայք Պասուս ներկայացուց Սուրբ Գրոց Ընկերութեան պատմականը եւ անդրադարձաւ Միջին-Արեւելքէն ներս անոր գործունէութեան։

 

Հանդիպման ներկայ էին, Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Գաչեայ Եպիսկոպոս, շուրջ 25 երկիրներու դեսպաններ եւ Խորհուրդի անդամները: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, որ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Խորհուրդին մէջ:

More News