17 February, 2015

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Միացեալ Նահանգներու «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինի եւ իր խորհրդականը՝ Ալեքսիս Մուքարզէլ:

        Ուաշինկթընի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող յիշեալ համախմբումին նպատակն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը պաշտպանող նախաձեռնութիւններու դիմել, յատկապէս քաղաքական մարզէն ներս: Յայտնենք, այս շրջագիծէն ներս համախմբումը 9-11 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ուաշինկթընի մէջ համագումար մը կազմակերպած էր, որուն մասնակից դարձած էին շրջանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն հոգեւոր առաջնորդներ եւ քաղաքական ու պետական անձնաւորութիւններ: Սոյն համագումարին ներկայ եղած էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետը ու դասախօսութիւն տուած:

      Պաաքլինի Նորին Սրբութեան հետ քննարկեց վերոյիշեալ համագումարին արդիւնքները ու յատկապէս անոր ձգած դրական արձագանգը Ամերիկայի պետական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս: Ան նաեւ ուզեց իմանալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները յառաջիկայի կարգ մը ծրագիրներու շուրջ: Նոյն ժամուն, Նիժերիայէն հեռաձայնով խորհրդակցութեան միացաւ, համախմբումի խորհրդականներէն եւ անոր աշխատանքներուն նիւթապէս նպաստող Ժ. Շաղուրի:

      Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունելով յիշեալ համախմբումին յառաջիկայ ծրագիրները, թելադրեց որ նաեւ չափաւորական իսլամ ղեկավարներ ներառնուին այս գործընթացէն ներս, որպէսզի երկխօսութեան ու գործակցութեան ճամբով կարելի ըլլայ միասնաբար դիմագրաւել Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը ու ամրապնդել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը։

More News