9 March, 2015

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կարեւոր հանդիպումներու շարքին՝ միջ-եկեղեցական բնոյթի հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-

Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ին, Նորին Սրբութեան այցելեցին Գերմանիոյ Բողոքական Եկեղեցինրու Խորհուրդին երկու ներկայացուցիչները՝ Եան Եանսըն Եպիսկոպոս եւ Փրոֆ. Օ. Պորսմա։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցական Խորհուրդի կարգ մը հարցերու գծով։ Որպէս յիշեալ Խորհուրդի նախագահներէն մէկը, Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ անոնց, շեշտելով քրիստոնեայ ներկայութիւնը շրջանէն ներս ամրացնելու հրամայականը։

Շաբաթ, 7 Մարտ 2015-ին, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի պատասխանատուներէն Դոկտ. Միշէլ Նսէյրին։ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր արժեւորում մը կատարելով շրջանի կացութեան, անհրաժեշտ նկատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին աւելի ազդու ու գործօն դերակատարութիւնը՝ միշտ գործակցաբար տեղական եկեղեցիներուն հետ։

Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2015-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Լիկայի ներկայացուցիչները։ Անոնք յայտնեցին Նորին Սրբութեան, որ յառաջիկայ Յուլիսին Լիբանանի մէջ կը ծրագրեն կազմակերպել քրիստոնէական միջազգային համագումար մը՝ մասնակցութեամբ Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու սփիւռքի ներկայացուցիչներուն։ Համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ յատկապէս Լիբանանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան վերակազմակերպումը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով յիշեալ նախաձեռնութիւնը իր տեսակէտները պարզեց ներկաներուն, յայտնելով որ նման աշխատանքներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու։

More News