16 January, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Ուրբաթ, 16 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը:

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին Քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ իրավիճակին:

More News