ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ SAT 7 ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

25-26 Մարտ 2015-ին, Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ, գումարուեցաւ Sat 7 քրիստոնէական արբանեակային հեռուստակայանի տարեկան ընդհանուր ժողովը: Ընդհանուր ժողովէն առաջ տեղի ունեցաւ Sat 7-ի Յանձնախումբի ժողովը: Զոյգ ժողովներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ մնայուն անդամ է Sat 7-ի Յանձնախումբին:

Սեպուհ Սրբազան թէ՛ Յանձնախումբի եւ թէ Ընդհանուր ժողովներուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, յիշեցնելով ներկաներուն, որ 20-րդ դարու սկիզբը, ներկայ թուրքիոյ կառավարութեան նախնիները առաւել քան մէկ ու կէս միլիոն քրիստոնեայ հայեր ջարդեցին, իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային պատկանելիութեան պատճառով: Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Եթէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած չ’ըլլար, այսօր այս հողերուն վրայ աւելի քան 10 միլիոն քրիստոնեայ հայեր, յոյներ եւ ասորիներ պիտի ապրէին»:

Սրբազան Հօր ելոյթէն ետք խօսք առաւ Sat 7-ի թրքական բաժնի տնօրէնը: Ան իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ աւելցուց, որ երեք շաբաթ առաջ Պոլսոյ մէջ հայ եւ օտար եկեղեցականներու մասնակցութեամբ հաւաք կազմակերպուած է, յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը եւ կո՛չ ուղղելու թուրք ժողովուրդին ու պետութեան, որ ճանչնան իրենց նախահայրերուն կատարածները եւ ներողութիւն խնդրեն հայերէն: