Անառակ Որդիին Առակը

Անառակ որդիին առակին վերաբերեալ հակիրճ նշումներ.-

 

1) Մեղքը կը դժբախտացնէ մարդ արարածը: Որպէսզի ասիկա գիտնանք, կը բաւէ որ նկատի առնենք այն իրավիճակը որուն մատնուեցաւ կրտսեր որդին իր հօրմէն հեռանալէ ետք.-

ա) Երբ լքեց իր հայրը, օտարի մը ձեռքին տակ ծառայ եղաւ: Երբ լքենք զԱստուած` Սատանային ձեռքին տակ ծառայ կ’ըլլանք:

բ) Երբ լքեց իր հօրենական տունը, անոր փոխարէն ագարակ մը տրուեցաւ իրեն իբրեւ բնակատեղի: Երբ հրաժարինք երկինքի մէջ տուն ունենալու փափաքէն` ագարակաբնակ կը դառ­նանք, այսինքն` անասունի նման կ’ապրինք:

գ) Երբ լքեց իր հօր ու անոր ծառաներուն ընկերակցութիւնը, միակ ընկերակցութիւնը որ կրցաւ ունենալ` խոզերուն ընկերակցութիւնն էր: Երբ լքենք Աստուծոյ եւ անոր սուրբերուն ու արդարներուն ընկերակցութիւնը` միակ ընկերակցութիւնը որ պիտի ունենանք` չար ոգիներուն ընկերակցութիւնն է:

դ) Երբ լքեց իր հօրը տան մէջ իր ունեցած դիրքն ու պաշտօնը, իբրեւ նոր դիրք ու պաշտօն` խոզարա­ծութեան պաշտօն յանձնուեցաւ իրեն: Երբ լքենք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած դիրքը եւ չուզենք կատարել անոր կողմէ մեզի վստահուած գործն ու պաշտօնը` կը դառնանք խոզարածներ, այսինքն` մեղքի սնուցիչներ ու տարածիչներ:

ե) Երբ լքեց իր հօրենական տան համադամ կերակուրները, անոնց փոխարէն խոզերու կերած եղջիւրներէն տրուեցաւ իրեն: Երբ լքենք կեանքի հացը` Քրիստոսը, անոր փոխարէն խոզի եղջիւր կը տրուի մեզի, այսինքն` Սատանային ու անոր չար ոգիներուն կերակուրները` սուտը, շնութիւնը, դառնութիւնը, ատելութիւնը, չարախօսութիւնը. ասոնք կը դառնան կերակուրները ոեւէ անձի որ չ’ուզեր ճաշակել կենաց հացէն` Քրիստոսէն:

զ) Երբ լքեց իր հայրը` սկսաւ անառակ կեանք մը ապրիլ: Երբ լքենք զԱստուած` անառա­կութիւնը կը դառնայ տիրապետողը մեր կեանքին մէջ: Մարդ չի կրնար մաքուր մնալ երբ հեռանայ Մաքրողէն:

է) Երբ լքեց իր հայրը` կորսնցուց ամէն բան: ԶԱստուած լքող մարդը` կը կորսնցնէ ամէն բան, կը կորսնցնէ իր ներկայ ու յաւիտենական կեանքը:

ը) Երբ լքեց իր հայրը` աղքատացաւ: ԶԱստուած լքող մարդը` կ’աղքատանայ: Կ’աղքատանայ հոգեպէս, որովհետեւ կը կորսնցնէ ամէն զօրութիւն: Կ’աղքատանայ սրտապէս, որովհետեւ կը կորսնցնէ ամէն առաքինութիւն: Կ’աղքատանայ մտապէս, որովհետեւ կը կորսնցնէ ամէն յստակա­տեսութիւն:

թ) Երբ լքեց իր հայրը` սովի մատնուեցաւ: Երբ լքենք զԱստուած` սովն ու անոր բերած տանջանքը կը դառնան բաժինը մեր կեանքին:

 

2) «Հա´յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ» (Ղկ 15.18-19): Չորս նշումներ.-

ա) «Հայր»: Տուեալ բառը կը պարզէ, թէ Աստուած լոկ ստեղծիչ, ամենակարող ու ամենազօր անձը չէ, այլ` հա´յր է, գուրգուրալից հայր: Անոնք որոնք Աստուծոյ կը դիմեն` իրենց հօրն է որ կը դիմեն: Այս գիտակցութեամբ է որ պէտք է մեր աղօթքները մատուցենք:

բ) «Մեղանչեցի»: Այս բառով անառակ որդին իր մեղաւորութիւնն է որ յայտարարեց: Ան սորվեցուց մեզի, թէ անոնք որոնք Աստուծոյ դիմաց կը կանգնին` պէտք է քաջութիւնը, եւ միաժամանակ խոնարհութիւնը ունենան իրենց մեղաւորութիւնը խոստովանելու եւ յայտարարելու:

գ) «Արժանի չեմ»: Այս բառով անառակ որդին իր անարժանաւորութիւնն է որ հրապարակեց: Եւ այս ընելով, ան սորվեցուց մեզի, թէ երբ Աստուծոյ ներկայութեան կը կանգնինք` պէտք է խոնարհութիւնը ունենանք մեր անարժանաւորութիւնը ծանուցելու:

դ) Անառակ որդին «հայր» բառը գործածելով եւ իր մեղաւոր ըլլալը ծանուցելով` ցոյց տուած կ’ըլլայ մեզի, թէ ամէն մէկ մեղք որ կը գործենք` Աստուծոյ հայրութեան եւ սիրով լեցուն անոր հայրական սրտին դէմ է որ կը գործենք:

 

3) «Տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, երբ հայրը տեսաւ զինք ու գթաց. վազելով դիմաւորեց զայն, վիզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց» (Ղկ 15.20): Երեք նշումներ.-

ա) «Տեսաւ» ու «գթաց» բառերը կը պարզեն, թէ Աստուած տեսնող աչք ու գթացող սիրտ ունի:

բ) «Վազեց» ու «դիմաւորեց» բառերը ցոյց կու տան, Աստուծոյ անդառնալի կամքը մեզ փրկելու: Քանի ամենակարող Աստուածը կը վազէ մեր փրկութեան համար, ուստի` կրնանք ապահովապէս մեր փրկութիւնը վստահիլ իրեն:

գ) «Փաթթուեցաւ» եւ «համբուրեց» բառերը ո´չ միայն Աստուծոյ սէրը կ’արտայայտեն մարդուն հանդէպ, այլեւ` անոր կարօտի զգացումը: Անկարօտն Աստուած մարդուս հոգեկան կարօտը գոհացնելու կարօտը ունի:

 

4) «Հայրը իր ծառաներուն հրամայեց.- “Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանը եւ հագցուցէք իրեն. մատանի անցուցէք իր մատին եւ կօշիկ տուէք իրեն”» (Ղկ 15.22): Երեք նշումներ.-

ա) Հայրը լաւագոյն պատմուճանը կը շնորհէ դարձի եկող իր որդիին, որ նշանակ է փրկութեան: Անոնք որոնք Աստուծոյ կը դառնան, Աստուած փրկութեան պատմուճանով կը ծածկէ անոնց հոգեւոր մերկութիւնը. «Ճերմակ հագուստներ առ՝ հագնելու համար, որպէսզի մերկութեանդ ամօթը ծածկես» (Յյտ 3.18): Նայի´նք մեր անձերուն, մե՞րկ են հոգեւորապէս, թէ` ծածկուած Գառնուկին արիւնով ճերմկցուած հագուստով:

բ) Հայրը մատանի կը պարգեւէ իր որդիին: Մատանին որդեգրութեան եւ իշխանութեան խորհրդանիշ է: Աստուծոյ զաւակ ըլլալը ինքնին իշխանութիւն է Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած (Յովհաննէս 1.12): Նայի´նք մեր ձեռքին, որդեգրութեան եւ իշխանութեան մատանի կա՞յ անցուած մեր մատին:

գ) Հայրը կօշիկ տուաւ իր որդիին: Կօշիկը` նո´ր կեանքի մը` նո´ր ճամբան կը նշանակէ: Այդ ճամբան աւետարանչութեան ճամբան է, կ’ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին: Նայի´նք մեր ոտքերուն, ունի՞նք աւետարանչութեան կօշիկ, այլ խօսքով` կ’աւետարանե՞նք Քրիստոսի փրկութիւնը, վկայութիւն կու տա՞նք Քրիստոսի մասին:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան