Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ սահմանուած այն կարեւոր ժամանակամիջոցն է, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը հրաւիրուի ինքնագիտակցութեան, ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի, պատրաստուելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնին: Եկեղեցին այս շրջանին, Քրիստոսի եւ աստուածաշնչական զանազան այլ կերպարներու օրինակով՝ պահեցողութեան ու աղօթքի կը հրաւիրէ հաւատացեալները:
Սակայն, պէտք է գիտակցինք, որ պահեցողութիւնը զանազան ուտելիքներէ զսպելու իրողութենէն անդին կ’անցնի եւ աւելի մեծ խորհուրդ մը կը պարունակէ: Մեր եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհան Մանդակունի պահք կը համարէ սակաւախօսութիւնը, աւելորդ ինչքերով չմտահոգուիլը, խոնարհութիւնը, սրտին անմաքուր մտածումներ չունենալը, չնախանձիլը, հնազանդութիւնը եւ մաքուր սրտով բոլորը սիրելը: «Այս բոլորն է իսկական պահքը, որ շատ աւելի կ’արժէ քան կերակուրներու զրկանքը. պահքի շրջանին այս եւ նման բաներէ զրկուելէ վերջ է միայն որ կերակուրներէ զրկուիլը ընդունելի կը դառնայ»:
Մեծ Պահոց շրջանին, եկեղեցին հոգեպարար յատուկ արարողութիւններու միջոցաւ եւս հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթական կեանքի: Այս աւանդութիւնը պահելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Արեւագալի ժամերգութիւններ տեղի պիտի ունենան Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, իսկ Հսկումի արարողութիւնները՝ Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Ժամերգութիւններու ընթացքին, արարողութեանց երգեցողութիւնը ժողովուրդը ինք պիտի կատարէ: Իսկ Չորիքշաբթի առաւօտ, Արեւագալի արարողութեան աւարտին Միաբան Հայրեր հոգեւոր խորհրդածութիւններ պիտի կատարեն: Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները, որ մասնակցին այս հոգեպարար արարողութեանց, հաղորդակից դառնալով մեր եկեղեցւոյ ու հայրերու հոգեւոր ժառանգին: