Վատիկան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան վերջին օրը, Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի բարձրաստիճան հետեւեալ կարտինալներուն հետ։
Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած Վատիկանի հիւրանոցին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Բարոլինիի հետ, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի ներկայութեան։ Հանդիպման ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց Կարտինալին՝ Ցեղասպանութեան գծով Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին կատարած յայտարարութեան համար։ Այս ուղղութեամբ Կարտինալ Բարոլինին կարեւոր դեր կատարած էր, որպէս Վատիկանի արտաքին քաղաքականութեան վերին պատասխանատուն։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Կարտինալին հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցը։ Կարտինալը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն իր անձնական ներկայացուցիչը պիտի ղրկէ Լիբանան, որպէսզի աւելի մօտէն զբաղի յիշեալ հարցով։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց կեդրոնատեղին եւ ընդունուեցաւ անոր նախագահին՝ Կարտինալ Քոխին եւ անոր օգնականներուն կողմէ։ Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ երեւոյթները, իր դրական ու բացասական երեսներով՝ միաժամանակ ներկաներուն հետ բաժնելով իր անձնական տեսակէտները։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն։
Երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Սանտրիի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին նոյն բաժանմունքի բոլոր պատասխանատուները։ Քննարկումի նիւթ դարձան Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Նորին Սուրբ Օծութեան կողքին վերոյիշեալ հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանն ու Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը:
Նախքան Վատիկանէն մեկնիլը, Վեհափառ Հայրապետը շարք մը հարցազրոյցներ ունեցաւ Վատիկանի եւ Իտալիոյ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։