Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները հոծ բազմութեամբ մասնակից դարձան Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն։ Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2015-ին, Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ հոգեպարար նոյն մթնոլորտին մէջ մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս երիտասարդներուն։ Արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շուրջ ունենալով Միաբան Հայրերը։ Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ ծունկի եկած Վեհափառ Հայրապետը երգեց «Սուրբ Աստուած»ը, որուն յաջորդեց նախատօնակը։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, որպէս բնաբան ունենալով շարականի հետեւեալ բառերը.- «Խաչն կենարար որ եղաւ մեզ փրկութիւն»։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ «Քրիստոսով խաչը, որ ցաւի ու տառապանքի գործիք էր ու դէպի մահ առաջնորդող միջոց, դարձաւ դէպի կեանք առաջնորդող ճանապարհ։ Իր արիւնով Քրիստոս նուիրագործեց խաչը։ Իր գիտակից ինքնընծայումով խաչը դարձուց նշան յաղթութեան ու յարութեան։ Այլ խօսքով՝ խաչը դարձաւ կենարար, յոյսի ու լոյսի աղբիւր, եւ մարդու փրկութեան երաշխիք ու յաւիտենական կեանքի ճանապարհ։ Հետեւաբար, այսօր մենք ոչ թէ կը կատարենք Քրիստոսի թաղումը, այլ խաչով մարդուն յաւիտենական կեանք պարգեւած Քրիստոսի հրաշափառ յաղթանակը»։
Թաղման Կարգի արարողութեան աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը Կաթողիկոսարանի դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող մեծ խաչով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Ապա, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն մեր ժողովուրդի զաւակները խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ գերեզմանը զարդարող ծաղիկներէն առնելով տարին իրենց տուները։ Արարողութենէն յետոյ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը հաւատացեալները, նոյնիսկ այլ եկեղեցւոյ պատկանողներ, Մայրավանք այցելեցին խոնարհելու Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ։