«ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015-ի առաւօտ, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ, օտար թէ հայ հազարաւոր ներկաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին, Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքէն յետոյ խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է՝ անջնջելի կերպով արձանագրուած 20-րդ դարու պատմութեան տարեգրութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԽՕՍՔԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ (12 Ապրիլ 2015)

            Ներկայ պահը հոգեւոր ապրումներով եւ իւրայատուկ պատգամով լեցուն պահ մըն է մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Այս հոգեպարար առիթով պիտի ուզէինք երեք յատկանշական երեւոյթներու անդրադառնալ հակիրճ կերպով։               Ա) Առաջին հերթին Մեր եղբայրական սէրը ու երախտագիտութիւնը կ’ուզենք յայտնել Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ մեծապէս գնահատելի նախաձեռնութիւնը ու իմաստուն…