ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՄԵԶ  ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ

«Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք» (Յհ 10.3): Քրիստոս մեզ մեր անուններով կը կանչէ որովհետեւ անձնապէս կը ճանչնայ մեզ: Անունը գիտնալը պատկերացումն է այն սերտ մտերմութեան, որ գոյութիւն ունի Աստուծոյ եւ իր զաւակներուն միջեւ: Երբ Քրիստոս կը յայտարարէ, որ մեզ մեր անուններով կը ճանչնայ, խորքին մէջ կ’ուզէ ցոյց տալ մեզի, եւ մանաւանդ վստահութիւն ներշնչել, որ մենք ի´րն ենք, իր բարեկամներն ենք, իր սեփականութիւնն ենք, իր պաշտպանութեան առարկաներն ենք:

Այսօրուան աշխարհին մէջ իւրաքանչիւր մարդ իր անձնագիրին վրայ թիւ մը ունի, որով կը ճանչցուի իր երկրին կառավարութեան կողմէ: Քրիստոսի համար սակայն, մենք թիւ ու թուանշան չենք: Քրիստոսի համար մենք անուն ունեցող ա´նձ ենք, ապրող եւ իրական անձ, սիրելի ու կարեւոր անձ: Քրիստոսի համար մենք իր արեան գինն ենք, եւ ուստի՝ երկինքէն աւելի´ սուղ, հրեշտակներէն աւելի´ թանկարժէք:

Աստուծոյ խօսքը ուղղուած Եսայի մարգարէին, ուղղուած է նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին. «Մի´ վախնար, վասնզի ես քեզ փրկեցի, քեզ քու անունովդ կանչեցի. դուն իմս ես» (Ես 43.1): Անգամ մը որ Աստուած փրկէ մեզ, մենք կը դառնանք իր բաժինն ու ժառանգութիւնը: Աստուած չի կրնար «դուն իմս ես» ըսել ոեւէ մարդու որ Քրիստոսով չէ հաշտուած իրեն հետ: Մեղքը մեզ օտարական դարձուց մեր երկնաւոր Հօր: Քրիստոս եկաւ եւ վերստին ընդունեց մեզ: Մենք այլեւս օտար չենք իրեն համար:

Աստուծոյ եւ մեր միջեւ կա´յ անկեղծութիւն, կա´յ հարազատութիւն, կա´յ ջերմ սէր, կա´յ խոր կապուածութիւն, կա´յ միասին ժամանակ անցնելու զօրաւոր փափաք, կա´յ իրարու նայելու եւ իրարմով կշտանալու անզսպելի ցանկութիւն: Ան ընդունած է մեզ իր սրտին մէջ, իր սիրոյն մէջ, իր ծրագիրին մէջ, իր արքայութեան մէջ: Մենք խորթ չե´նք իրեն համար: Մենք ծանօ´թ ենք իրեն: Մենք արժէ´ք ենք իրեն համար: Մենք իր ուրախութեան եւ ցնծութեան առարկաներն ենք: Մենք իր հպարտութեան ու պարծանքի անօթներն ենք:

Մենք այս բոլորը եղանք Քրիստոսով եւ Քրիստոսի համար, որովհետեւ ընդունեցինք մեր օտարական ըլլալը եւ դիմեցինք Քրիստոսի՝ մեր գթառատ Հովիւին, մեր հոգիներու Տեսուչին, եւ անկէ խնդրեցինք ապաստան եւ պաշտպանութիւն, փրկութիւն եւ հաշտութիւն:

Սիրելի´ եղբայր եւ քոյր, եթէ երբեք գիտնայիր թէ Յիսուս որքա՜ն կը սիրէ քեզ եւ փրկել կ’ուզէ, կը հաւատամ որ վայրկեան մը իսկ պիտի չուզէիր իրմէ հեռու մնալ, եւ ո´չ միայն այսքան, այլեւ խորապէս պիտի ցաւէիր այն բոլոր տարիներուն համար որ ապրած ես առանց իրեն: Առանց Քրիստոսի ապրուած օրը՝ մեռած օր է: Մի´ թոյլ տար դուն քեզի օր մը եւս ապրելու առանց իրեն: Հիմա´ է փրկութեանդ օրը (Բ.Կր 6.2): Հիմա´ եկուր իրեն, եւ առիթը տուր իրեն քեզ քու անունովդ կանչելու: