Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելուներուն կարգին նաեւ ընդունեց Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսը։ Սալիպա Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին շնորհաւորութիւնները Ս. Ծննդեան առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Ասորի Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուելիք ծրագիրներուն ընդհանուր պատկերը՝ Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ 100 տարիներ առաջ ասորիներուն դէմ կատարուած ջարդերուն նշման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան երկու եկեղեցիներու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւնները, յատկապէս միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց «Աղօթքի Շաբաթ Եկեղեցւոյ Միութեան համար» կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Աթալլահ Եպիսկոպոսը։ Այս գծով Նորին Սրբութիւնը՝ որպէս նախագահներէն մէկը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց։