1 March, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

1 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն հոգիներուն համար:

 

            Այս տարի 27-ամեակն է, Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ, թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց իսկութեան մէջ թրքական ոճրային պատմութեան կրկնութիւնն էին, եւ անպատիժ մնացած Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ արտայայտութիւնը:

More News