1 Մարտի, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Կրօններու Յարաբերութեան Բաժանմունքի միջեւ երկխօսութեան 6-րդ նիստին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ սկսած, եւ երկու տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ երկխօսութիւնը, յաջորդաբար տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի եւ Թեհրանի մէջ:

Ներկայ նիստին ընդհանուր խորագիրն է՝ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ի խնդիր Միջին Արեւելքէն ներս արդար ու մնայուն խաղաղութեան հաստատման: Այս նիւթին առնչուած դասախօսութիւններ պիտի տրուին ու քննարկումներ կատարուին: Նիստին պիտի մասնակցին շուրջ 25 անձեր Իրանէն ու Լիբանանէն: Հանդիպումը պիտի տեւէ երկու օր, որու աւարտին պիտի կատարուի միացեալ յայտարարութիւն մը:

More News