ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին յաջորդական այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը շեշտեցին միջ-քրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց:

Յուսիկ Ծ. Վրդ. մասնակցեցաւ Արեւելեան Կաթոլիկ Պատրիարքներու ժողովի 25-ամեակի հանդիսութեան, Յոյն Կաթոլիկ Պատրիարքարանին մէջ: Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց Լահհամ Պատրիարքին եւ շեշտեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը աւելի կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը՝ միջ-եկեղեցական գործակցութեան ճամբով:

Նորայր Եպս. Աշըգեան այցելեց Լիբանանի Ղպտի համայնքի Առաջնորդին եւ դատապարտելով Լիպիոյ մէջ 21 ղպտիներու սպանութիւնը ծայրայեղականներու կողմէ, կարեւորութեամբ ընդգծեց միասնական ոգիով նման տագնապները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: Յայտնենք, որ նոյն առիթով Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական նամակ էր յղած Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքին:

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին ներկայ գտնուեցաւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուած, իրենց նահատակներու 100-ամեակի նշման ձեռնարկներու բացման հանդիսութեան: Սրբազան Հայրը, Եունան Պատրիարքին փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյններն ու զօրակցութիւնը: Նշենք, որ 2015-ին նաեւ ասորի ժողովուրդը կը նշէ, Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր նկատմամբ կազմակերպուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը: