Ո՞վ է տնտես մարդը: «Տնտես» կը կոչուի այն մարդը, որ ուրիշին քով պաշտօնի կը մտնէ, եւ որուն տէրը անոր տրամադրութեան տակ կը դնէ իր հարստութիւնն ու ստացուածքները, որպէսզի անոնց շահարկումը եւ միաժամանակ մատակարարումը կատարէ:
Տնտեսի առակին պատումով, Յիսուս առաջին հերթին կ’ուզէ պարզել, թէ մարդ արարածը Աստուծոյ կողմէ տնտես նշանակուած է այս աշխարհին մէջ, իսկ տնտես մարդէն կը պահանջուի հաւատարիմ ըլլալ (Ա.Կր 4.2):
Առակին մէջ յիշուած անձը հաւատարիմ տնտես մը չէր եւ լաւ տնտեսութիւն չէր ըներ, բայց երբ իր ուշադրութեան յանձնուեցաւ թէ ժամանակը եկած էր, որ պէտք էր այլեւս իր տնտեսութեան հաշիւը ներկայացնէր, անմիջապէս փորձեց ինքզինք ուղղել նախքան իր պաշտօնէն զրկուիլը:
Մենք ի՞նչպիսի տնտեսներ ենք. հաւատարի՞մ, թէ` անհաւատարիմ: Սոյն առակին պատումով, Քրիստոս հաւատարիմ տնտեսութեան կը կանչէ մեզ: Պէտք է տնտեսել գիտնանք բոլոր այն բարիքները, պարգեւները, շնորհքները, ձիրքերն ու կարողութիւնները զորս Աստուած շնորհած է մեզի: Եթէ բարին գործելու կարողութիւնը ունինք` պէտք է գործենք: Եթէ աղքատին օգնելու կարողութիւնը ունինք` պէտք է օգնենք: Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ «Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիս տարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք: Եթէ մարգարէութեան պարգեւը ունինք` պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ: Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է` պէտք է ծառայենք: Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք` պէտք է ուսուցանենք: Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք` պէտք է յորդորենք:…» (Հռ 12.6-8):
Տակաւին, պէտք է տնտեսել գիտնանք Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած դիրքը, պաշտօնը, կարգը, գործը, հանգամանքը: Այս բոլորը Աստուծոյ պարգեւն են մեզի, եւ ուստի պէտք է զանոնք Աստուծոյ փառքին համար գործածենք, եւ Աստուծոյ փառքին համար գործածած կ’ըլլանք` երբ զանոնք գործածենք մարդոց բարիքին համար: Դիրքը եղած է` ո´չ թէ որպէսզի իրե´ն ծառայենք, այլ` որպէսզի անոր միջոցաւ մարդուն ծառայենք: Մարդուն մեծութիւնը չի կայանար իր ունեցած դիրքին ու պաշտօնին մէջ, այլ` այն իմաստութեան մէջ, որով մարդը կը գործածէ իր դիրքն ու պաշտօնը պտղաբեր եւ ուրիշին օգտակար դարձնելու համար: Մեծ դիրքի վրայ գտնուիլը չէ որ մեզ մեծ մարդ կ’ընէ, այլ` մեծ դիրքի վրայ գտնուելով հանդերձ` մեր համեստութիւնն ու հեզութիւնը պահելը, եւ խոնարհաբար հեզերուն, տկարներուն ու մոռցուածներուն օգնելը:
Եւ դեռ, պէտք է նաեւ տնտեսել գիտնանք մեր առաքինութիւնները: Ի՞նչ կը հասկնանք մեր առաքինութիւնները տնտեսել ըսելով: Առաքինութիւն մըն է սէրը, եւ ուստի` սիրելը: Կը սիրե՞նք մեր նմանը, կը սիրե՞նք մեզ ատողը, մեզ չսիրողը, մեր թշնամին: Եթէ կը սիրենք` կը նշանակէ թէ լաւ տնտեսներ ենք սիրոյ առաքինութեան: Առաքինութիւն մըն է բարին ցանկալն ու գործելը: Մենք կը ցանկա՞նք բարին, կը գործե՞նք բարին: Կասկած չկայ որ մեզի բարիք գործողներուն` բարիք կը գործենք, եւ մեզի բարին ցանկացողներուն համար` բարին կը ցանկանք: Բայց բարին կը ցանկա՞նք մեզի չարիք ցանկացողին համար. բարին կը գործե՞նք մեզի չարիք ընողին: Կրնա՞նք նմանիլ մեր երկնաւոր Հօր որ իր արեւը կը ծագեցնէ ու անձրեւը կը տեղացնէ թէ´ չար ու թէ´ բարի մարդոց վրայ, թէ´ զինք նախատող ու թէ´ զինք փառաւորող մարդոց վրայ: Եթէ կրնանք չարիք ընողին բարիք ընել, կը նշանակէ թէ լաւ տնտեսներ ենք բարեգործութեան առաքինութեան: Նոյնն է պարագան բոլոր միւս առաքինութիւններուն:
Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան