Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ «Տասը Կոյսերու» Յիշատակի Ժամերգութիւնը: Այս ժամերգութիւնը իր անունը առած է Յիսուսի պատմած Տասը Կոյսերու առակէն, որ կ’ընթերցուի Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին: Առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն միշտ պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ, դիմաւորելու Տէրը:
Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի տասը աղջիկներ, աւետարանին մէջ յիշուած տասը կոյսերուն օրինակով, եկեղեցական շապիկներ հագած առաջնորդուեցան Մայր Տաճարին դասը, իրենց ձեռքին ունենալով մոմեր, որպէս լապտերներու խորհրդանիշ: Երբ հասաւ փեսային գալուստը նկարագրող բաժինը, տասը կոյսերը ներկայացնող աշակերտուհիներէն հինգը, ստուգելէ ետք իրենց տրուած թղթիկները, մարեցին իրենց մոմերը, իբր խորհրդանիշ առակին մէջ նկարագրուած յիմար հինգ կոյսերուն: Շիջած լապտերներով կոյսերը կը ներկայացնեն այն քրիստոնեաները, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին աւետարանական ու քրիստոնէական սկզբունքներուն նկատմամբ անտարբեր գտնուելով՝ չեն պատրաստուիր Երկնաւոր Փեսային գալուստին:
Արարողութեան աւարտին, Տասը Կոյսերը Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը արտայայտեց անոնց եւ յորդորեց կառչած մնալ Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն ինչպէս նաեւ ապրիլ քրիստոնէական սկզբունքներով: