ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ասորի կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած երեք անդամներէ։ Աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներուն մէջ իրենց կեդրոնները ունեցող Ասորի կուսակցութեան նպատակն է ասորի համայնքներուն շահերը հետապնդել, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջել Թուրքիայէն։ 1915-ին ասորիները եւս ենթակայ դարձած են Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ջարդերուն։

Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան։ Յիշեալ այցելութեան նպատակն էր Նորին Սուրբ Օծութեան ճամբով շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի պետութեան, որ յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի մէջ հաստատուած ասորի փոքրաթիւ համայնքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւն յայտնելու, որ վերջերս Հայաստանի Ազգ. Ժողովը պաշտօնապէս ճանչցած է ասորիներու ջարդը ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։ Պատուիրակութիւնը նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ թէ՛ Լիբանանի և թէ այլ երկիրներու մէջ սերտ գործակցութիւն կը տիրէ հայերու և ասորիներու միջեւ, յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ իրենց ունեցած պահանջատիրական աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Պատուիրակութիւնը վստահեցուց Վեհափառ Հայրապետին, որ իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լիբանանի մէջ և թէ այլուր կազմակերպուելիք 100-ամեակի ձեռնարկներուն։

Ողջունելով Ասորի կուսակցութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը Հայ Դատին նկատմամբ, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ հայ և ասորի ժողովուրդները նոյն ճակատագրին ենթարկուած են ցեղասպանին կողմէ, անոնց պահանջքը նոյնն է և հետեւաբար՝ ամբողջական գործակցութիւն երկու ժողովուրդներու միջեւ հրամայական անհրաժեշտութիւն է։