ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական բնագաւառէն ներս համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ։

 

Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ.-

 

Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն։

 

Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն կարելիութիւններ, իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակելու Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս։

Համաձայնագրի ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Հ. Կրթութեան Նախարարութենէն ներս: Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Ռեկդոր Արամ Սիմոնեան ստորագրեցին համաձայնագիրը, Հ.Հ. Կրթական եւ Գիտութեան Նախարար՝ Արմէն Աշոտեանի եւ հայագիտական ու պատմական բաժիններու կրթական պատասխանատուներու ներկայութեան:

 

Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարին, Գիտութեան եւ Կրթութեան նախարարին ու Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեկդորին, շեշտելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթական կառոյցներուն համատեղ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։