Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ՝ ՍԱԼՄԱՆ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶԻՆ, ԻՐ ԵՂԲՕՐ՝ ԱՊՏԱԼԼԱ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական նամակով մը բաժնեց վիշտը Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին, իր եղբօր՝ Ապտալլա Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին մահուան առիթով։ Նամակին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնած էր հանգուցեալին հայրենասիրական իրագործումներուն և միջ-կրօնական գործակցութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի նկատմամբ ունեցած զօրակցութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական նամակը Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիին փոխանցուեցաւ Գերաշնորհ Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեանի ձեռամբ։

Յայտնենք, որ Շաբաթ, 24 Յունուար 2015-ին, յանուն Լիբանանի հայութեան՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան մաս կազմեց Սէուտական Արաբիա մեկնած լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ինք եւս Վեհափառ Հայրապետին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին, և անոր մաղթեց իրագործումներով հարուստ գահակալութիւն։