Անցնող երկու օրերու ընթացքին, Ամմանի մէջ (Յորդանան), գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ նախագահներէն մէկն է յիշեալ ժողովին, չկրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ։ Վեհափառ Հայրապետը իր նկատողութիւններն ու առաջարկները գրաւոր յղեց ժողովին։ Դոկտ. Ժան Սալմանեան որպէս անդամ Գործադիր Վարչութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ժողովական աշխատանքներուն։
Գործադիր Վարչութիւնը լսեց ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը, ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց խորհուրդին վերջին տարուան ընթացքին տարած գործունէութեան, շեշտեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն մարդասիրական օժանդակութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչական ու տնտեսական բնոյթի շարք մը որոշումներ առաւ։