Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Վատիկան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան վերջին օրը, Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի բարձրաստիճան հետեւեալ կարտինալներուն հետ։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած Վատիկանի հիւրանոցին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Բարոլինիի հետ, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի ներկայութեան։ Հանդիպման ընթացքին, Նորին…