18 March, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԱՐԵԿԱՐԳԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

 

Երեքշաբթի, 18 Մարտ 2015-ի յետ միջoրԷին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Քրիս Ֆերկընսըն, ընկերակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի տնoրԷն Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակը, միջ-կրoնական երկխoսութեան ու գործակցութեան հրամայականը եւ յատկապԷս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած մտահոգութիւններ ու խնդիրներ:

 

Յիշեալ հարցերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը պարզեց իր տեսակԷտները ու առաջարկները: Դոկտ Ֆերկընսըն իր կարգին վերահաստատեց Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու զoրակցութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն գծով եւ այդ ուղղութեամբ oգտակար հանդիսանալու յանձնառութիւնը:

 

Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Դոկտ. Ֆերկընսըն յայտնեց Նորին Սրբութեան որ յառաջիկայ Մայիսին ՊԷյրութի մԷջ Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդը իր հանդիպումը պիտի ունենայ եւ այդ առիթով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով յայտարարութիւն պիտի կատարԷ: Ողջունելով յիշեալ որոշումը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց յարգելի հիւրին, որ տասնամեակներԷ ի վեր սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական համայնքին միջեւ, եւ թԷ ԱզունիԷի Ազգ. Բուժարանը ու Պուրճ Համուտի Ազգ. Ծերանոցը այդ գործակցութեան լաւագոյն արտայայտութիւններն են:

 

More News